ՍԱՂՄՈՍ
ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
146 Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։
2 Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։
Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։
3 Մի՛ յուսաք իշխաններուն,
Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։
4 Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։
Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։
5 Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է
Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,
6 Որ երկինքը ու երկիրը,
Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։
Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,
7 Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն
Ու հաց կու տայ անօթիներուն։
Տէրը կ’արձակէ կապուածները,
8 Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,
Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,
Տէրը կը սիրէ արդարները,
9 Տէրը կը պահէ պանդուխտները,
Կը հաստատէ որբն ու որբեւայրին,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։
10 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,
Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։