Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 146
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 146։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2006, էջ 10-11

Սաղմոս 146։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    4/1/1999, էջ 28-29

    Երբ կը մեռնինք, էջ 24

    Գիտութիւն, էջ 81-83

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 146։1-10

ՍԱՂՄՈՍ

ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ

146 Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

 2 Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։

Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։

 3 Մի՛ յուսաք իշխաններուն,

Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։

 4 Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։

Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։

 5 Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է

Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,

 6 Որ երկինքը ու երկիրը,

Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։

Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,

 7 Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն

Ու հաց կու տայ անօթիներուն։

Տէրը կ’արձակէ կապուածները,

 8 Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,

Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,

Տէրը կը սիրէ արդարները,

 9 Տէրը կը պահէ պանդուխտները,

Կը հաստատէ որբն ու որբեւայրին,

Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։

10 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,

Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել