Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Զաքարիա 7
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Զաքարիա 7։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/1997, էջ 5

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Զաքարիա 7։1-14

ԶԱՔԱՐԵԱՅ

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԵՂԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

7 Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարուան, իններորդ ամսուան, այսինքն Քասղեւին չորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ, 2 Երբ Սարասար ու Ռեկէմմելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէս զի Տէրոջը առջեւ աղօթք ընեն 3 Ու զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ եղող քահանաներուն ու մարգարէներուն խօսին ու ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուն իմ անձս զատելով լա՞մ, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։ 4 Այն ատեն զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 5 «Այս երկրին բոլոր ժողովուրդին ու քահանաներուն ըսէ՛. ‘Այս եօթանասուն տարին, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիսներուն մէջ ծոմապահութիւն կ’ընէիք ու սուգ կը բռնէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք։ 6 Ու երբ կ’ուտէիք ու կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։ 7 Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը, որոնք Տէրը առաջուան մարգարէներուն միջոցով հրատարակեց, երբ Երուսաղէմ ու անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու հանգիստ էին եւ հարաւային ու դաշտային կողմերը բնակուած էին’»։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔՍՈՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌ

8 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս ըսաւ. 9 ‘Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ։ 10 Որբեւայրին ու որբը, օտարականը եւ տնանկը մի՛ հարստահարէք։ Ոեւէ մէկը իր եղբօրը համար իր սրտին մէջ չարութիւն թող չմտածէ’»։ 11 Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել, հապա իրենց ուսը թօթուեցին եւ ականջնին ծանրացուցին, որպէս զի չլսեն 12 Ու իրենց սիրտը ադամանդի պէս ըրին, որպէս զի չլսեն այն օրէնքն ու այն խօսքերը, որոնք զօրքերու Տէրը իր Հոգիովը առաջուան մարգարէներուն միջոցով անոնց ղրկեց։ Անոր համար զօրքերու Տէրը խիստ բարկացաւ։ 13 «Ինչպէս անիկա կանչեց ու անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք կանչեցին ու ես մտիկ չըրի», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. 14 «Հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ փոթորիկով ցրուեցի եւ անոնց երկրէն երթեւեկը դադրեցաւ եւ այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել