ՈՎՍԵԱՅ
ՈՎՍԷԷԻ ԱՂԵՐՍԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ
14 Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր,
Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։
2 Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք.
Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր
Եւ բարութիւնը ընդունէ՛
Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։
3 Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ.
Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք
Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝
‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք,
Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։
ՏԷՐԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
4 Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ,
Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։
Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։
5 Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ,
Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի
Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։
6 Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին,
Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ,
Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։
7 Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին,
Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան
Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։
Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։
8 Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։
Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի.
Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ,
Քու պտուղդ ինձմէ է։
9 Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ,
Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։
Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են,
Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն.
Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։