Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 42
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 42։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2006, էջ 19

    4/1/1995, էջ 27

Սաղմոս 42։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2006, էջ 19

    4/1/1995, էջ 27

Սաղմոս 42։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2006, էջ 19

Սաղմոս 42։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    4/1/1995, էջ 27

Սաղմոս 42։6

Ստորանիշներ

  • *

    42։6 Եբր., Միսար

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 42։1-11

ՍԱՂՄՈՍ

ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Կորխի որդիներուն երգը

42 Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի,

Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։

 2 Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն,

Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։

 3 Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան,

Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։

 4 Այս բաները միտքս կը բերեմ

Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս,

Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ,

Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝

Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով,

Տօնախմբող բազմութեան հետ։

 5 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս,

Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։

Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ,

Իր երեսին փրկութեանը համար։

 6 Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ.

Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն

Ու Հերմոններէն ու Փոքր* լեռնէն։

 7 Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը.

Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։

 8 Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը

Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ

Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։

 9 Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս.

«Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես,

Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ

Թշնամիին հարստահարութենէն»։

10 Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝

Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։

11 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս,

Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։

Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։

Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել