ՍԱՂՄՈՍ
ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Սաղմոս Դաւիթի
15 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ,
Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։
2 Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ
Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։
3 Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր,
Ընկերին չարութիւն չ’ըներ,
Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.
4 Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը,
Բայց աստուածավախները կը պատուէ.
Երդում կ’ընէ իր վնասին* ու չի դառնար.
5 Իր արծաթը վարձքով չի տար
Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։
Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։