Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 40
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 40։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2006, էջ 29-30

Սաղմոս 40։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 47

Սաղմոս 40։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1996, էջ 11-12

Սաղմոս 40։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1996, էջ 11-12

Սաղմոս 40։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    11/2017, էջ 13

    Դիտարան,

    11/1/2012, էջ 14

    10/1/1996, էջ 11-12

Սաղմոս 40։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2005, էջ 18, 19-20

Սաղմոս 40։15

Ստորանիշներ

  • *

    40։15 Կամ, իրենց ամօթին պատճառովը

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 40։1-17

ՍԱՂՄՈՍ

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

40 Սպասելով սպասեցի Տէրոջը,

Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս

 2 Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց

Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց

 3 Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը,

Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։

Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան

Ու Տէրոջը պիտի յուսան։

 4 Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ

Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։

 5 Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես,

Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ

Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ.

Պիտի պատմէի ու խօսէի,

Բայց համրանքէն աւելի շատ են։

 6 Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար,

Հապա իմ ականջներս բացիր։

Ողջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։

 7 Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես.

Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,

 8 Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ

Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է։

 9 Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։

Ահա շրթունքներս չարգիլեցի,

Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։

10 Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։

Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։

Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի»։

11 Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինձմէ.

Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

(Սաղմ. 70)

12 Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին.

Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։

Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։

13 Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ.

Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորա՛։

14 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան

Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։

Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան

Ինծի չարութիւն ուզողները։

15 Թող ամչնալով* կործանին

Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։

16 Ամէն քեզ փնտռող

Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։

Քու փրկութիւնդ սիրողները

Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։

17 Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ,

Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։

Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։

Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել