Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ծննդոց 40
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ծննդոց 40։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2015, էջ 13

Ծննդոց 40։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2015, էջ 12-13

Ծննդոց 40։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2015, էջ 13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 9, 119, 246-248

Ծննդոց 40։9

Ստորանիշներ

  • *

    40։9 Եբր., եւ ահա

Ծննդոց 40։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2017, էջ 20-21

Ծննդոց 40։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2017, էջ 20-21

    Դիտարան,

    11/1/2014, էջ 14-15

Ծննդոց 40։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 44

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ծննդոց 40։1-23

ԾՆՆԴՈՑ

ՅՈՎՍԷՓ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ

40 Այս բաներէն յետոյ՝ Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակը եւ հացագործը իրենց տիրոջը, Եգիպտոսի թագաւորին դէմ յանցանք գործեցին։ 2 Փարաւոն բարկացաւ իր երկու ներքինիներուն, գլխաւոր մատռուակին ու գլխաւոր հացագործին դէմ 3 Եւ զանոնք դահճապետին տանը բանտին մէջ բանտարկեց, ուր Յովսէփ բանտարկուած էր։ 4 Դահճապետը Յովսէփին ապսպրեց անոնց համար ու անիկա կը ծառայէր անոնց։ Անոնք ատեն մը բանտը մնացին։

5 Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը, որոնք բանտին մէջ կապուած էին, երկուքն ալ մէկ գիշեր մէկ–մէկ երազ տեսան, ամէն մէկուն երազին նշանակութեանը պէս։ 6 Յովսէփ առտուն անոնց եկաւ ու տեսաւ զանոնք, որ խռովեր էին։ 7 Իր տիրոջը տունը իրեն հետ բանտարկուած Փարաւոնի ներքինիներուն հարցուց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ձեր երեսները տրտում են այսօր»։ 8 Անոնք ըսին. «Երազ տեսանք ու զանիկա մեկնող չկայ»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները, աւա՜ղ, պատմեցէ՛ք ինծի»։

9 Մատռուակապետը իր երազը պատմեց Յովսէփին ու ըսաւ անոր. «Երազիս մէջ տեսայ որ* առջեւս որթատունկ մը կար, 10 Որուն վրայ երեք ուռ կային։ Ան բողբոջելուն պէս ծաղիկ բացաւ ու անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին։ 11 Փարաւոնին գաւաթը ձեռքս էր։ Խաղողները առի եւ Փարաւոնին գաւաթին մէջ ճմլեցի ու գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուի»։ 12 Յովսէփ անոր ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. երեք ուռը երեք օր է. 13 Երեք օրէն ետքը Փարաւոնը գլուխդ բանտէն պիտի արձակէ ու քեզ նորէն քու պաշտօնիդ պիտի դարձնէ եւ Փարաւոնին գաւաթը անոր ձեռքը պիտի տաս՝ անոր մատռուակը եղածիդ սովորութեանը պէս։ 14 Բայց քեզի բարիք եղած ատեն զիս միտքդ բեր, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի բարութիւն ըրէ եւ զիս Փարաւոնին առջեւ յիշելով՝ զիս այս տունէն դուրս հանէ. 15 Քանզի իրաւցնէ գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն եւ հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն»։

16 Երբ հացագործը տեսաւ որ աղէկ մեկնութիւն տուաւ, ըսաւ Յովսէփին. «Ես ալ երազիս մէջ տեսայ, որ գլխուս վրայ երեք ճերմակ սակառ ունէի 17 Եւ ամենէն վրայի սակառին մէջ Փարաւոնին համար հացագործի շինած ամէն տեսակ կերակուրներէն կար ու թռչունները կ’ուտէին զանոնք գլխուս վրայի սակառէն»։ 18 Յովսէփ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. 19 Երեք սակառը երեք օր է. երեք օրէն յետոյ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ քու գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ եւ թռչունները քու մարմինդ պիտի ուտեն»։

20 Երրորդ օրը Փարաւոնին ծննդեան օրն էր, ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք ըրաւ եւ իր ծառաներուն մէջ գլխաւոր մատռուակն ու գլխաւոր հացագործը բանտէն հանեց 21 Ու դարձուց մատռուակապետը իր պաշտօնին եւ անիկա գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուաւ. 22 Բայց հացագործը կախել տուաւ, ինչպէս Յովսէփ մեկներ էր անոնց։ 23 Սակայն մատռուակը միտքը չբերաւ Յովսէփը, այլ մոռցաւ զանիկա։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել