Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 122
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 122։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութեան ծառայութիւնը,

    12/2001, էջ 3

Սաղմոս 122։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/15/2014, էջ 24

    9/1/2006, էջ 25

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 122։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՓԱՌՔԸ

Դաւիթին աստիճաններուն երգը

122 Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին.

«Տէրոջը տունը երթանք»։

 2 Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան,

Ո՛վ Երուսաղէմ։

 3 Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է,

Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։

 4 Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելլեն

Իսրայէլի պատուիրածին պէս,

Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։

 5 Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները,

Դաւիթի տանը աթոռները։

 6 Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։

Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։

 7 Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ

Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։

 8 Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար

Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։

 9 Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար

Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել