Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ա. Կորնթացիս 12
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ա. Կորնթացիս 12։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2007, էջ 14-15

Ա. Կորնթացիս 12։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Երրորդութիւն, էջ 23

Ա. Կորնթացիս 12։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Երրորդութիւն, էջ 23

Ա. Կորնթացիս 12։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2011, էջ 28-29

    Երրորդութիւն, էջ 23

Ա. Կորնթացիս 12։12

Ստորանիշներ

  • *

    12։12 Ոմանք, ան մէկ

Ա. Կորնթացիս 12։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2020, էջ 23-24

Ա. Կորնթացիս 12։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2020, էջ 23-24

Ա. Կորնթացիս 12։21

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1996, էջ 31

Ա. Կորնթացիս 12։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/15/2014, էջ 24

    3/1/1998, էջ 19-20

Ա. Կորնթացիս 12։24

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/1999, էջ 14

Ա. Կորնթացիս 12։25

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 19

    Դիտարան,

    6/1/2004, էջ 17

Ա. Կորնթացիս 12։26

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 19

Ա. Կորնթացիս 12։27

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/1995, էջ 9

Ա. Կորնթացիս 12։31

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2009, էջ 29-30

    3/1/1999, էջ 17

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ա. Կորնթացիս 12։1-31

Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ

12 Հոգեւոր պարգեւներուն վրայով չեմ ուզեր, ե՛ղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք։ 2 Դուք գիտէք թէ՝ երբ հեթանոս էիք, մունջ կուռքերուն կը տարուէիք ինչպէս կ’առաջնորդուէիք։ 3 Ուստի այս ձեզի կ’իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ Հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։ 4 Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ 5 Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ 6 Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։ 7 Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ 8 Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. 9 Միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ նոյն Հոգիով. 10 Ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։ 11 Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։

ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ՝ ՇԱՏ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՎ

12 Քանզի ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն* մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ։ 13 Վասն զի մենք ամէնքս մէ՛կ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ եւ ամէնքս ալ մէ՛կ Հոգիէ խմեցինք։ 14 Վասն զի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ։ 15 Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ։ 16 Եթէ ականջը ըսէ. «Որովհետեւ ես աչք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատով չի դադրիր մարմինէն ըլլալէ։ 17 Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ 18 Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ 19 Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անդամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։ 20 Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ։ 21 Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ «Դուն ինծի պէտք չես», եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ «Դուք ինծի պէտք չէք»։ 22 Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են. 23 Մարմնին այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք ու այսպէս մեր անվայելուչ անդամները աւելի վայելչութիւն ունին։ 24 Ու մեր վայելուչ անդամներուն բան մը պէտք չէ. բայց Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ, 25 Որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։ 26 Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։ 27 Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։ 28 Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։ 29 Միթէ ամէնքը առաքեալնե՞ր են. միթէ ամէնքը մարգարէնե՞ր են. միթէ ամէնքը վարդապետնե՞ր են. միթէ ամէնքը հրաշքնե՞ր կը գործեն. 30 Միթէ ամէնքը բժշկութեան պարգեւնե՞ր ունին. միթէ ամէնքը լեզունե՞ր կը խօսին. միթէ ամէնքը թարգմանութի՞ւն կ’ընեն։

31 Բայց դուք նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են եւ ես՝ ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել