Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Օրինաց 21
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Օրինաց 21։1-23

Բ. ՕՐԻՆԱՑ

ԱՆՅԱՅՏ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

21 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ դաշտի վրայ ինկած ու մեռցուած մարդ մը գտնուի բայց զանիկա զարնողը չգիտցուի, 2 Այն ատեն քու ծերերդ ու դատաւորներդ թող ելլեն եւ մեռցուած մարդուն եղած տեղէն մինչեւ շրջակայ քաղաքները չափեն 3 Ու մօտակայ քաղաքին ծերերը արջառներէն չգործածուած ու լուծի տակ չմտած երինջ մը առնեն 4 Եւ այն քաղաքին ծերերը երինջը չհերկուած ու չցանուած ապառաժուտ ձոր մը իջեցնեն ու այն ձորին մէջ երինջին վիզը կտրեն։ 5 Ղեւիի որդիները՝ քահանաները՝ մօտենան, վասն զի քու Տէր Աստուածդ զանոնք ընտրեց իրեն ծառայութիւն ընելու ու Տէրոջը անունովը օրհնելու համար եւ ամէն վէճ ու ամէն հակառակութիւն անոնք թող դատեն։ 6 Այն մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին բոլոր ծերերը ձորին մէջ վիզը կտրուած երինջին վրայ ձեռքերնին թող լուան 7 Եւ վկայեն՝ ըսելով. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը ու մեր աչքերը չտեսան։ 8 Ո՛վ Տէր, քաւէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ, որ դուն փրկեցիր ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի՛ սեպեր»։ Այսպէս այն արեանը համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց, 9 Իսկ դուն Տէրոջը առջեւ ուղիղ եղածը ընելով՝ անմեղ արեան համար անպարտ պիտի ըլլաս։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԳԵՐԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

10 «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմի ելլես եւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ ու անոնցմէ գերիներ առնես 11 Եւ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ տեսքով կին մը տեսնես ու զանիկա սիրելով ուզես հետը ամուսնանալ, 12 Զանիկա քու տունդ տար, անոր գլուխը ածիլէ ու եղունգները կտրէ, 13 Անոր վրայէն գերութեան լաթերը հանէ ու քու տունդ թող նստի, ամբողջ ամիս մը իր հօրն ու մօրը համար թող լայ. անկէ յետոյ անոր մօտեցիր եւ դուն անոր այրը եղիր, ան ալ՝ քու կինդ։ 14 Եթէ անկէ գոհ չըլլաս, զանիկա ազատ արձակէ՛. բայց բնաւ մի՛ ծախեր, ո՛չ ալ իբր ծառայ աշխատցուր, որովհետեւ լլկեցիր զանիկա։

ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

15 «Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ ու մէկը սիրելի եւ միւսը ատելի ըլլայ ու սիրելին եւ ատելին ալ անոր զաւակներ ծնանին եւ եթէ անդրանիկ զաւակը ատելի կնոջմէն ծնած է, 16 Իր ստացուածքը որդիներուն բաժնելու օրը իրաւունք չունի սիրելիին զաւակը անդրանիկ նկատել ու ատելիէն ծնած անդրանիկը երեսէ ձգել. 17 Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ նկատելով՝ բոլոր իր ձեռքը գտնուածէն երկու բաժին անոր պէտք է տայ. վասն զի իր զօրութեանը սկիզբը անիկա է։ Անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը պատկանի։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԶԱՒԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

18 «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքին բնաւ մտիկ չ’ըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չի հնազանդիր, 19 Այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն 20 Եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. ‘Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքին մտիկ չ’ըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է’. 21 Այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի եւ բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնան։

ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

22 «Երբ մարդ մը մահու արժանի մեղք մը գործէ, զանիկա մեռցնելու համար ծառէ մը կախէ, 23 Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է, ուստի մի՛ պղծեր այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել