ՅՈՎՆԱՆՈՒ
ՅՈՎՆԱՆԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
2 Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ 2 Ու ըսաւ.
«Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի
Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։
Գերեզմանին փորէն կանչեցի
Ու իմ ձայնս լսեցիր։
3 Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր
Ու հեղեղները զիս պաշարեցին.
Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։
4 Ու ես ըսի.
«Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ,
Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։
5 Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին,
Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց,
Կնիւնները գլուխս փաթթուեցան։
6 Լեռներուն տակերը իջայ,
Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր,
Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր,
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
7 Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի
Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։
8 Սուտ ունայնութիւններու նայողները
Իրենց ողորմութիւնը թողուցին,
9 Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ
Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։
Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։
10 Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։