ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու Սաղմոսը
108 Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։
Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։
2 Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
3 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ
Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։
4 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր
Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
5 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած,
Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։
8 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն
Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։
Յուդան իմ օրէնսդիրս է.
9 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս.
Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։
10 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
11 Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
12 Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ,
Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։
13 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։
Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։