Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յայտնութիւն 19
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Յայտնութիւն 19։1

Ստորանիշներ

  • *

    19։1 Ոմանք, Տէր Աստուծոյն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 272

Յայտնութիւն 19։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 272

Յայտնութիւն 19։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 272-273

Յայտնութիւն 19։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 273-274

Յայտնութիւն 19։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 274

Յայտնութիւն 19։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 274-275

Յայտնութիւն 19։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/15/2014, էջ 22

    2/15/2014, էջ 8-12

    10/1/1995, էջ 11

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 276-277

Յայտնութիւն 19։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 276

Յայտնութիւն 19։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/15/2015, էջ 19

    2/15/2014, էջ 10

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 72, 277-278

Յայտնութիւն 19։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2009, էջ 17

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 278-279

Յայտնութիւն 19։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 12/2019, էջ 13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 280

Յայտնութիւն 19։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2009, էջ 13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 65, 280-281

Յայտնութիւն 19։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 281

Յայտնութիւն 19։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 12/2019, էջ 13

    Դիտարան,

    2/15/2014, էջ 6-7

    2/1/2009, էջ 13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 281

Յայտնութիւն 19։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 282-284

Յայտնութիւն 19։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 284

Յայտնութիւն 19։17

Ստորանիշներ

  • *

    19։17 Ոմանք, մեր Աստուծոյ ընթրիքին

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 284-285

Յայտնութիւն 19։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 13, 284-285

Յայտնութիւն 19։19

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    5/2020, էջ 15

    Դիտարան,

    5/15/2015, էջ 29

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 285-286

Յայտնութիւն 19։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 285-286

Յայտնութիւն 19։21

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 285-286

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Յայտնութիւն 19։1-21

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

19 Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն*. 2 Վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։ 3 Եւ կրկին անգամ ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ»։

ԳԱՌՆՈՒԿԻՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

4 Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜»։ 5 Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։ 6 Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։ 7 Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց։ 8 Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է»։

9 Եւ ինծի ըսաւ. «Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են»։ Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։ 10 Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. վասն զի Յիսուսին վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է»։

ՃԵՐՄԱԿ ՁԻԱՒՈՐԸ

11 Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ 12 Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք։ 13 Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր։ 14 Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ 15 Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։ 16 Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց»։

17 Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. «Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին* հաւաքուեցէ՛ք, 18 Որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն»։

19 Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ 20 Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ 21 Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել