Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 75
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 75։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2006, էջ 29

Սաղմոս 75։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2006, էջ 29

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 75։1-10

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը

75 Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած,

Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք,

Քու հրաշքներդ կը պատմենք։

 2 Երբ որոշուած ժամանակը գայ,

Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։

 3 Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան.

Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)

 4 Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարտանաք»

Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։

 5 Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։

Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։

 6 Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է

Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,

 7 Հապա դատաւորը Աստուած է։

Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։

 8 Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։

Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ

Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները

Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։

 9 Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ,

Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։

10 Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին,

Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել