Երգ 123
Օ՛ն յառաջ
1. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, կատարելութեան,
Աստուծոյ կամքն է որ որակելի ըլլանք։
Փորձէ բարելաւել ծառայութիւնդ,
Աստուծմէ պիտի օրհնուիս։
Բոլորս դեր ունինք ծառայելու.
Կը յիշե՞ս Յիսուս ալ նոյնը ըրաւ։
Շտապէ եւ առիթը օգտագործէ,
Արդարութեան կողմը կ’այնէ։
2. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, ո՛վ քաջ վկաներ,
Յաւիտենականութեան լուրը մենք տարածենք
Ցնծութեամբ փառաբանենք Թագաւորը,
Ծառայելով դռնէ ի դուռ։
Թշնամիներ կ’ուզեն մեզ վախցնել,
Ետ չքաշուինք Առիթ տանք որ լսեն։
Ո՛հ, Թագաւորութիւնը ահա հոս է
Ու խանդավառութեամբ խօսէ։
3. Օ՛ն յառաջ, օ՛ն յառաջ, յարատեւելով
Անձնաւորութիւնդ եւ ընթացքդ փոխելով
Աճեցուր Աստուծոյ հոգին ներսիդիդ
Աստուածային ուրախութեամբ։
Սիրէ եղբայրներդ եւ մասնակցէ
Ժողովներու եւ միշտ պատասխանէ։
Բարին ընելու միշտ աշխատանք թափէ,
Միասնաբար լոյսը սփռէ։