Ետեւի կողքը
ԸՆՏԱՆԻՔԸ մարդկային ամենահին հաստատութիւնն է, բայց այսօր անիկա լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի։ Թմրեցուցիչի եւ անբարոյութեան պատանիներու անձնատուր ըլլալը, ամուսնալուծման եւ ընտանեկան վայրագութեան արդի պատուհասը, միածնող ընտանիքներու հսկայ աճը եւ ուրիշ լուրջ խնդիրներ, ահաւոր կերպով տարածուած են եւ ոմանք հարց կու տան թէ ընտանեկան կեանքը պիտի կարենա՞յ վերապրիլ։
Այս բոլորով մէկտեղ, տակաւին կարելի՞ է որ ընտանիք մը իր անդամներուն համար կայուն եւ հոգածու շրջապատ մը ըլլայ։ Այո՛, եթէ ընտանիքի անդամները գիտեն ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը։ Այս գաղտնիքը պահուած բան մը չէ, այլ դարերէ ի վեր փորձուած բան մըն է։ Ի՞նչ է այդ։ Այս գիրքը՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը՝ կը պատասխանէ այս հարցումին։ Անիկա գործնական օրինակներով ալ ցոյց կու տայ թէ այս «գաղտնիքը» ի՛նչպէս կրնայ ընտանիքին սպառնացող շատ մը խնդիրներուն լուծում մը հայթայթել։ Այսօր կա՞յ ոեւէ մէկը որ այսպիսի տեղեկութիւններու կարիքը չունի։