Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • իպ դաս 15 էջ 30
  • Ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ կամքը կատարեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ կամքը կատարեն
  • Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Կրնա՞ս մասնակցիլ աշակերտելու գործին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
իպ դաս 15 էջ 30

Դաս 15

Ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ կամքը կատարեն

Ինչո՞ւ ուրիշներու պէտք է խօսիք ձեր սորված լաւ բաներուն մասին։ (1)

Բարի լուրը որո՞ւ հետ կրնաք բաժնել։ (2)

Ձեր վարքը ուրիշներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ (2)

Ժողովքին հետ ե՞րբ կրնաք քարոզել։ (3)

1. Մինչեւ հիմա շատ հաճելի բաներ սորվեցաք Աստուածաշունչէն։ Այս գիտութիւնը ձեզի պիտի օգնէ որ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակէք։ (Եփեսացիս 4։22-24) Այս գիտութիւնը կենսական է յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն, ուրիշներ ալ պէտք է լսեն բարի լուրը, որպէսզի իրենք ալ փրկուին։ Աստուած կը պատուիրէ որ բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները վկայեն ուրիշներուն։—Հռովմայեցիս 10։10. Ա. Կորնթացիս 9։16. Ա. Տիմոթէոս 4։16

2. Նախ, կրնաք ձեզի մօտիկ եղողներուն հետ բաժնել ձեր սորված լաւ բաները։ Խօսեցէք ձեր ընտանիքին, բարեկամներուն, դասընկերներուն եւ գործակիցներուն։ Երբ կը խօսիք՝ ազնիւ եւ երկայնամիտ եղէք։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25) Իսկ բնաւ մի մոռնաք որ մարդիկ յաճախ խօսքերէն աւելի՝ անհատին վարքին կը նային։ Ուստի, ձեր վարքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ մտիկ ընեն ձեր տուած պատգամին։—Մատթէոս 5։16. Ա. Պետրոս 3։1, 2, 16

3. Ժամանակ մը ետք, Եհովայի Վկաներու ժողովքին ընկերակցութեամբ, քարոզչութեան սկսելու որակեալ կրնաք ըլլալ։ Ասիկա կարեւոր քայլ մըն է ձեր յառաջդիմութեան մէջ։ (Մատթէոս 24։14) Ի՜նչ մեծ պիտի ըլլայ ձեր ուրախութիւնը, եթէ կարենաք օգնել անհատի մը, որ ինքն ալ Եհովայի մէկ ծառան ըլլայ եւ յաւիտենական կեանք ստանայ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, 20

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել