Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • գկ մաս 9 էջ 28-31
  • Գոհացուցիչ կեանք մը վայելեցէք հի՛մա՝ եւ յաւիտեան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գոհացուցիչ կեանք մը վայելեցէք հի՛մա՝ եւ յաւիտեան
  • Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ահա, ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
    «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
  • Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ուրախ ապագայ մը կրնաք ունենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
Տես աւելին
Գոհացուցիչ կեանք՝ ի՛նչպէս ձեռք ձգել
գկ մաս 9 էջ 28-31

ՄԱՍ 9

Գոհացուցիչ կեանք մը վայելեցէք հի՛մա՝ եւ յաւիտեան

Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն մշակելով է որ կրնաք գոհացուցիչ կեանք մը վարել

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ պատմութեան մէջ հաւատքի տէր կարկառուն մարդ մը՝ Աբրահամ, բարգաւաճ Ուր քաղաքին մէջ հանգստաւէտ կեանք մը իր ետին ձգեց։ Որոշ ժամանակ Խառանի մէջ մնալէ ետք, իր մնացեալ կեանքը որպէս թափառական՝ վրաններու մէջ ապրեցաւ, մնայուն բնակարան մը չունենալով։ (Ծննդոց 12։1-3. Գործք 7։2-7. Եբրայեցիս 11։8-10) Բայց արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած [«իր օրերէն գոհացած», ՆԱ]՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ»։ (Ծննդոց 25։8) Ի՞նչ բան իր կեանքը այսքան գոհացուցիչ դարձուց։ Ան պարզապէս տարեց մարդ մը չէր որ իր մահուան անկողինին վրայ գոհ կը զգար կեանքի ընթացքին իր իրագործած բաներուն համար։ Աբրահամ Աստուծոյ վրայ իր ունեցած ուշագրաւ հաւատքին պատճառաւ հետագային «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ (Յակոբու 2։23. Եսայեայ 41։8) Իր Ստեղծիչին հետ Աբրահամի մշակած իմաստալից յարաբերութիւնն էր որ իր կեանքը գոհացուցիչ դարձուց։

Աբրահամ իր մահուան անկողնին վրայAbraham on his deathbed

Ձեր կեանքը Աբրահամի կեանքէն աւելի գոհացուցիչ կրնա՞յ ըլլալ

2 Ճիշդ ինչպէս որ Աբրահամ ըրաւ մօտ 4,000 տարիներ առաջ, դուք ալ իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը կրնաք վարել ներկայիս, եթէ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն մշակէք։ Թերեւս տիեզերքի Ստեղծիչին բարեկամը ըլլալու գաղափարը ձեզ շփոթութեան մատնէ, բայց ասիկա կարելի է։ Ի՞նչպէս։ Պէտք է զինք ճանչնաք ու սիրէք։ (Ա. Կորնթացիս 8։3. Գաղատացիս 4։9) Ձեր Ստեղծիչին հետ այսպիսի յարաբերութիւն մը, ձեր կեանքը աւելի ճոխ ու գոհացուցիչ կրնայ դարձնել։

3 Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը ընդունիլ կամեցողներուն համար, Եհովա ուղեգծեր հայթայթած է որպէսզի ուրախ կեանք մը վարեն։ (Եսայեայ 48։17) Մի՛ մոռնաք որ Ադամ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ, բարիի ու չարի իր անձնական չափանիշը դնելով։ Թէեւ Եհովա իր Որդւոյն փրկանքի զոհին միջոցաւ մարդկային ընտանիքը գնեց՝ մեղքի ու մահուան ստրկութենէն ազատագրումի միջոց մը տալով անոր, բայց իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ընդունի փրկանքը եւ շիտակի ու սխալի իր անձնական չափանիշը դնելէն ետ կենայ։ Յիսուսի փրկանքի զոհը ընդունողներուն համար Աստուծոյ հայթայթած օրէնքներուն ու սկզբունքներուն պէտք է ենթարկուինք։

Պատանի մը Աստուածաշունչ կը կարդայA young man reads the Bible

‘Կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր քու ճամբադ’

4 Մինչ կը շարունակէք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ անոր մէջի սկզբունքները կիրարկել, անկասկած պիտի գնահատէք բարիի ու չարի Աստուծոյ չափանիշին արժէքը։ (Սաղմոս 19։7-9) Եհովայի մարգարէին՝ Մովսէսի նման պիտի մղուիք Աստուծոյ ըսելու. «Հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ»։ (Ելից 33։13. Սաղմոս 25։4) Աստուածաշունչը սկզբունքներ կու տայ, որոնք ձեզ կ’առաջնորդեն այս դժուարին «չար ժամանակներ»ու խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ձեր գնահատութիւնը պիտի աւելնայ, ձեզ մղելով որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնաք եւ իրեն հետ ձեր բարեկամութիւնը զօրացնէք։

5 Աբրահամ «ծերացած ու իր օրերէն գոհացած» մեռաւ, բայց այնքան ատեն որ մահ գոյութիւն ունի, կեանքը տակաւին շատ կարճ է։ Որքան ալ ծերանանք, բոլորիս մէջ ապրելու բնածին փափաք մը կայ։ Քանի որ «[Աստուած] մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։ (Ժողովողի 3։11) Նոյնիսկ երբ յաւիտեան ապրինք, Եհովայի ամբողջ ստեղծագործութիւնը բնաւ պիտի չկարենանք հասկնալ։ Եհովայի սքանչելի գործերը դիտելը, ուսումնասիրելը ու զանոնք վայելելը վե՛րջ չունի։—Սաղմոս 19։1-4. 104։24. 139։14

6 Թերեւս ձեզի հրապուրիչ չի թուիր յաւիտեան ապրիլը, երբ երկիրը լեցուն է ներկայիս մեր տեսած խնդիրներով։ Բայց մտահոգուելու պէտք չունիք։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) ‘Նոր երկինք’ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ երկնային նոր կառավարութեան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ որ համայն երկրի վրայ պիտի իշխէ։ ‘Նոր երկիրը’ մարդկային նոր ընկերութիւն մըն է, որ բաղկացած է այդ թագաւորական իշխանութեան հնազանդ եղողներէն։ Ասիկա իրականացնելու համար, Եհովա շուտով գործի պիտի անցնի «երկիրը ապականողներ»ուն դէմ։—Յայտնութիւն 11։18. Բ. Պետրոս 3։10

Զինուորներ պատերազմի մէջ. սովահար երեխաներ. ամայի շէնք մըSoldiers at war; starving children; an abandoned building

7 Ո՞րքան շուտով։ «Իրերու դրութեան վախճանին նշան»ին մէջ, Յիսուս Քրիստոս պարփակեց ազգերու միջեւ պատերազմներ, «տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ», եւ «անօրէնութեան շատնալ»ը։ (Մատթէոս 24։3-13, ՆԱ. Ղուկաս 21։10, 11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ապա ան մարգարէացաւ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։31) Արդարեւ, ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ երբ Եհովա պիտի բնաջնջէ ամբարիշտը։a

8 «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»էն ետք՝ երբ Եհովա պիտի մաքրէ երկիրը ամբարշտութենէն, մեր երկրագունդը դրախտի մը պիտի վերածուի։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. Եսայեայ 51։3) Անկէ ետք, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Իսկ արդէն մեռածները ի՞նչ պիտի ըլլան։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Եհովա, որ իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է, մահուան մէջ քնացողները պիտի վերակենդանացնէ։ Գիտնականներ կրնան ջանալ ծինային ճարտարագիտութեան միջոցաւ նմանատիպութիւն ընել, բայց Ստեղծիչը նմանատիպութեան դիմելու կարիք չունի։ Ան փրկուելու արժանի եղող իւրաքանչիւր անհատի մասին կարող է ամէ՛ն մանրամասնութիւն յիշել եւ զանոնք վերակենդանացնել։ Այո, դրախտի վերածուած երկրի մը մէջ ձեր մեռած սիրելիները տեսնելու ակնկալութիւնը ունիք։

9 Դրախտին մէջ կեանքը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ Երկիրը լեցուն պիտի ըլլայ ուրախ տղամարդոցմով ու կիներով, որոնք միաձայնութեամբ Արարիչը կը փառաբանեն։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24. 54։13) Ոեւէ մէկը հիւանդագին ճնշումի պիտի չենթարկուի, ոչ ալ զգացական եւ մտային խանգարումներ պիտի ունենայ։ Բոլորն ալ առատ ուտելիք պիտի ունենան եւ Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ եղող իմաստալից գործէն հաճոյք պիտի առնեն։ (Սաղմոս 72։16. Եսայեայ 65։23) Անոնք խաղաղութիւն պիտի վայելեն անասուններուն ու իրենց նմաններուն հետ, եւ մանաւանդ՝ «Աստուծոյ հետ»։—Հռովմայեցիս 5։1. Սաղմոս 37։11. 72։7. Եսայեայ 11։6-9

Մարդիկ դրախտին մէջPeople in Paradise

10 Այդ Դրախտին մէջ ըլլալու եւ ամբողջովին գոհացուցիչ կեանք մը վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Ուստի շարունակեցէք գիտութիւն ստանալ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, սորվելով թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ ձեզմէ։ Այն ատեն պիտի կարենաք Եհովա Աստուած հաճեցնել եւ ասիկա իր կարգին ձեր կեանքը չափազանց գոհացուցիչ պիտի դարձնէ։

a Այս մարգարէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք քաղել, Աստուածաշունչը Իրապէս Ի՞նչ կը Սորվեցնէ գիրքին 9–րդ գլուխէն, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՔ

  1. 1, 2. Ի՞նչպէս կրնաք գոհացուցիչ կեանք մը վարել։

  2. 3, 4. Ինչո՞ւ տրամաբանական է Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպ մը ունենալ։

  3. 5. Կեանքը իրապէս գոհացուցիչ դարձնելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։

  4. 6, 7. Իտէալ վիճակներ ու յաւիտենական կեանք ի՞նչպէս ձեռք պիտի ձգուին։

  5. 8. Եհովա ի՞նչպէս պիտի հետաքրքրուի մեռածներով։

  6. 9. Աստուծոյ իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ երկրի մարդոց համար։

  7. 10. Դրախտին մէջ գոհացուցիչ կեանք մը վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել