Երգ 1
Եհովայի յատկութիւնները
1. Ի՜նչ հզօր է քու ձեռքիդ ուժը.
դուն ես կեանքի եւ լոյսի Աղբիւրը։
Երկիրը մեծ ուժդ կը հռչակէ,
ահեղ օրդ զայն պիտ’ յայտնէ։
2. Արդար պատգամներէդ կը գիտնանք,
որ հիմնած ես գահդ արդարութեամբ։
Իմաստութիւնդ ադամանդի պէս
պայծառ կը շողայ Խօսքիդ մէջ։
3. Հա՛յր, գլխաւորն անսպառ սէրդ է.
պարգեւներդ անհամար են, ո՛վ Տէր։
Յատկութիւններդ եւ անունդ սուրբ
պիտի հռչակենք ամէնուր։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 36։9. 145։6-13. Յակ. 1։17)