ԴԱՍ 13
Տիմոթէոս կ’ուզէր մարդոց օգնել
Տիմոթէոս կ’ուրախանար երբ մարդոց օգնէր։ Ան կ’ուզէր ամէնուն օգնել։ Անոր համար շատ մը տեղեր ճամբորդեց եւ աղուոր ժամանակ անցուց։ Կ’ուզե՞ս իր մասին գիտնալ։—
Տիմոթէոսի մաման եւ մեծ մաման իրեն Եհովային մասին սորվեցուցին
Տիմոթէոս Լիւստրա քաղաքին մէջ մեծցաւ։ Երբ պզտիկ էր, իր մաման՝ Եւնիկէն եւ իր մեծ մաման՝ Լաւոդիան, իրեն Եհովային մասին սորվեցուցին։ Երբ Տիմոթէոս մեծցաւ, ինքն ալ ուզեց ուրիշներուն Եհովային մասին սորվեցնել։
Երբ Տիմոթէոս քիչ մը մեծցաւ, Պօղոս իրեն հարցուց. «Կ’ուզե՞ս ինծի հետ ճամբորդել, որ միասին ուրիշ տեղեր ալ քարոզենք»։ Տիմոթէոս ըսաւ. «Այո՛»։ Ան կ’ուզէր երթալ եւ ուրիշներուն օգնել։
Պօղոս եւ Տիմոթէոս միասին Թեսաղոնիկէ գացին։ Հոն հասնելու համար, անոնք շա՜տ պիտի քալէին եւ յետոյ նաւով ճամբորդէին։ Երբ վերջապէս Թեսաղոնիկէ քաղաքը հասան, անոնք շատ մը մարդոց սորվեցուցին Եհովային մասին։ Բայց կարգ մը մարդիկ բարկացան եւ ուզեցին իրենց չարութիւն ընել։ Անոր համար Պօղոս եւ Տիմոթէոս ուզեն–չուզեն այդ քաղաքը ձգեցին եւ ուրիշ տեղեր քարոզեցին։
Տիմոթէոս ուրախ եւ աղուոր ժամանակ անցուց
Ամիսներ ետք, Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Հաճիս ե՛տ Թեսաղոնիկէ գնա եւ նայիր թէ այդ տեղի եղբայրները ինչպէ՛ս են»։ Յիշէ որ այդ քաղաքին մէջ շատ չար մարդիկ կային։ Բայց Տիմոթէոս չվախցաւ։ Ան գնաց հոն, քանի որ այդ տեղի եղբայրներուն մասին կը մտածէր։ Երբ Տիմոթէոս ետ Պօղոսին քով եկաւ, իրեն աղուոր բաներ պատմեց։ Թեսաղոնիկէի եղբայրները շա՛տ լաւ էին։
Տիմոթէոս երկար տարիներ Պօղոսի հետ քարոզեց։ Անգամ մը Պօղոս գրեց, որ Տիմոթէոս ամէնէն աղուոր անձն էր որ կրնար եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Տիմոթէոս թէ՛ Եհովան կը սիրէր եւ թէ՝ մարդիկը։
Դուն ալ մարդիկը կը սիրե՞ս, եւ կ’ուզե՞ս անոնց օգնել որ Եհովային մասին սորվին։— Եթէ այո, ուրեմն դուն ալ Տիմոթէոսին պէս շատ ուրախ պիտի ըլլաս։