Բովանդակութիւն
ՄԱՍ 1 ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
Անցեալին, Եհովայի ժողովուրդը մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն նման մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց։ Եհովան անոնց օգնութեան հասաւ. իր խոստումին համաձայն ան նոյնը պիտի ընէ մեզի այսօր։ Հոգատար եւ սիրառատ Հովիւ ըլլալով, Եհովան իր կորսուած ոչխարները կը փնտռէ եւ զիրենք կը հրաւիրէ որ իրեն վերադառնան։
ՄԱՍ 2–4 Ի՞ՆՉ ԵՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ատեն–ատեն ունեցան մտահոգութիւններ եւ վիրաւորուած ու յանցաւորութեան զգացումներ, որոնք իրենց հոգեւոր գործունէութեան ազդեցին։ Տես թէ Եհովան իրենց ինչպէ՛ս օգնեց որ հոգեւորապէս ապաքինին, իր ժողովուրդին դարձեալ միանան եւ իրենց ուրախութիւնը վերագտնեն։
Մաս 2 Կեանքի հոգեր. «Ամէն կողմէ ճնշուած»
Մաս 3 Վիրաւորուած զգացումներ. Երբ «տրտունջ» ունենանք
Մաս 4 Յանցաւորութեան զգացում. «Իմ մեղքէս զիս սրբէ»
ՄԱՍ 5 ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
Այս մասը քեզի կ’ապացուցանէ թէ Եհովան կ’ուզէ՛ որ իրեն վերադառնաս։ Տես թէ ոմանք ինչպէ՛ս Եհովային վերադարձան, ժողովքը զիրենք ինչպէ՛ս ընդունեց եւ երէցները ինչպէ՛ս իրենց օգնեցին որ իրենց նախանձախնդիր ծառայութեան վերսկսին։