Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Ք.Ա. 7–րդ դարուն, Եզեկիէլ մարգարէն հոյակապ տեսիլք մը տեսաւ։ Ան տեսաւ հսկայ երկնային կառք մը, որ տիեզերքի Գերիշխանին հակակշռին տակ էր։ Այդ կառքին շարժելու կերպը շատ տպաւորիչ էր։ Անիկա կայծակի արագութեամբ կը յառաջանար, նոյնիսկ երբ ուղղութիւնը փոխէր. եւ ասիկա կ’ընէր առանց դանդաղելու կամ շեղելու (Եզեկ. 1։4, 9, 12, 14, 16-27)։
Այդ տեսիլքը մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովային տիեզերական կազմակերպութեան երկնային մասը միշտ շարժումի մէջ է։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել երկրայի՛ն մասին համար։ Անցեալ ծառայութեան տարին յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Եհովան երկրի վրայ իր կազմակերպուած ժողովուրդն ալ շատ արագօրէն յառաջ կը մղէ։
Հոս՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Բեթէլի ընտանիքի անդամները զբաղած էին փոխադրուելով Պրուքլինէն Ուորուիք (Նիւ Եորք), մեր նոր կեդրոնատեղին։ Ոմանք ալ ուրիշ համալիրներ փոխադրուեցան, իսկ ուրիշներ՝ դաշտ նշանակուեցան։ Աշխարհի ուրիշ մասնաճիւղերու մէջ բեթէլականներ նոյնպէս զբաղած էին այդ մասնաճիւղերը շինելով, վերանորոգելով, միաւորելով կամ նոր վայրեր փոխադրելով։ Գալով քեզի, նոյնիսկ եթէ փոխադրուելով զբաղած չէիր, անկասկած ուրիշ կերպերով զբաղած էիր։
Կառավարիչ մարմինը շատ կը քաջալերուի տեսնելով որ աշխարհի տարածքին Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՛ս ամէն ժամանակէ աւելի զբաղած է, մինչ Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ կը պահէ։ Շատեր փոխադրուեցան ծառայելու հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Ուրիշներ ծառայութեան նոր երեսակի մը ձեռնարկեցին. օրինակ, օտար դաշտի մէջ ծառայել։ Շատեր վկայելու նոր կամ իրենց անծանօթ կերպեր փորձեցին։ Շատեր ալ ուրիշ կերպերով իրենց ծառայութիւնը ընդարձակեցին։ Բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաները, մէջը ըլլալով տարեցները եւ անկարողները, հաւատարմօրէն կեանքի մրցավազքը կը վազեն. անոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջ կ’ընթանան եւ այսպէս կը փաստեն որ Սատանան ստախօս է (Ա. Կոր. 9։24)։
Վստահ եղիր որ Եհովան կը նկատէ ցուցաբերած հոգիդ (Եբ. 6։10)։ Քու կամաւոր հոգիդ մեզի կը յիշեցնէ Աբրահամն ու Սառան։ Երբ Աբրահամ 70–ական տարիքին մէջ էր, քաղդէացիներու Ուր քաղաքը ձգեց եւ իր ընտանիքը տարաւ Քանան, որ հեռաւոր վայր մըն էր։ Հոն ան վրաններու մէջ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը։ Ան եւ իր սիրելի կինը ի՜նչ կամաւոր հոգի ցոյց տուին (Ծն. 11։31. Գործք 7։2, 3)։
Դուք ալ այդպիսի հոգի ցոյց կու տա՞ք։ Դուք բոլորդ, որ այս դժուար ժամանակներուն մէջ հաւատարմօրէն կը տոկաք, կ’ընէք այն ինչ որ Յիսուս մեզմէ խնդրեց։ Ան ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մատ. 28։19)։
Յիսուսի նոյնիսկ «գացէ՛ք» բառը կը թելադրէ որ պէտք է շարժինք՝ գործունեայ ըլլանք։ Որքա՜ն ուրախալի է տեսնել թէ Քրիստոսի նախանձախնդիր հետեւորդները ինչե՜ր իրագործած են անցեալ տարուան ընթացքին։ Դիւրաւ կրնանք տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս առատապէս օրհնած է Թագաւորութեան բարի լուրը բոլոր ազգերուն քարոզելու գործը (Մար. 13։10)։
Շատեր այս պատգամին կ’ընդառաջեն։ Անցեալ տարի հրատարակիչներուն թիւը հասաւ 8,340,847–ի։ Իսկ ամէն ամիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու միջին թիւն էր՝ 10,115,264։ Յստակ է որ թէ՛ երկնային կառքը եւ թէ դուք յառաջ կ’ընթանաք։ Շարունակեցէք յառաջ ընթանալ, քանի որ քիչ ժամանակ մնացած է առաջ որ Եհովան փրկութեան դուռը գոցէ։
Որքա՜ն տեղին է որ 2017–ի տարուան համարն է «Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛» (Սաղ. 37։3)։ Երբ այս խօսքերուն հնազանդիք, այսինքն բարութիւն ընէք՝ Եհովային սուրբ ծառայութիւն մատուցանելով, ցոյց տուած կ’ըլլաք որ իրե՛ն կը յուսաք կամ կը վստահիք։ Սիրելինե՛ր, միշտ յիշեցէք որ բնա՛ւ մինակ չէք։ Յիսուսի խօսքերը ճշմարիտ են. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։
Վստահ եղէք որ Եհովան պիտի շարունակէ ձեր հաւատարիմ ծառայութիւնը օրհնել։ Ձեր նուիրատուութիւնը ըլլայ պզտի՛կ կամ մեծ, Եհովային համար կարեւորը այն է որ դուք ձեր լաւագոյնը կու տաք ճիշդ շարժառիթով։ Այս տեսակ նուէրներ զինք կ’ուրախացնեն եւ կը հաճեցնեն (Բ. Կոր. 9։6, 7)։ Ուրեմն շարունակեցէք ձեր սիրալիր Հօր մօտենալ՝ կանոնաւորաբար իրեն աղօթելով, Աստուծոյ Խօսքը սերտելով, ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ ծառայութեան մէջ լաւ մասնակցութիւն բերելով։
Մինչեւ որ Սատանային ունեցած «քիչ ժամանակ»ը վերջանայ, այդ չար ըմբոստը վճռած է ամէն կերպ գործածել, որ մեզ մեր ուղղամիտ ընթացքէն շեղեցնէ (Յայտ. 12։12)։ Եհովային մօտիկ մնացէք եւ Սատանային բոլոր ջանքերը պիտի ձախողին (Սաղ. 16։8)։ Գիտցէք որ մենք ձեզ շատ կը սիրենք եւ կը գնահատենք որ այս վերջին օրերուն մէջ Տէրոջ Թագաւորութեան շահերուն հոգ տանելուն մէջ կ’օգնէք։
Ձեր եղբայրները,
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին
© 2017 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania