Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յուլիս 1—Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն, մինչեւ այսօր։—Հռովմայեցիս 11։8
Յուլիս 2—Որով [Քրիստոսով] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը։—Եփեսացիս 1։7, Դիտ. 9/1/91 24, 25
Յուլիս 3—Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։—Յայտնութիւն 12։16
Յուլիս 4—Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ [տունէ–տուն] չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։—Գործք 5։42, Դիտ. 2/1/91 13, 14
Յուլիս 5—Այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9
Յուլիս 6—Տէրը [Եհովան] ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։—Սաղմոս 145։9
Յուլիս 7—Աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք։—Բ. Կորնթացիս 2։7, 8, Դիտ. 7/1/91 20, 21ա
Յուլիս 8—Վէմին գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է։—Բ. Օրինաց 32։4, Դիտ. 8/1/91 3, 4
Յուլիս 9—Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։—Մատթէոս 6։27
Յուլիս 10—Այն ատեն ըսի. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։—Եբրայեցիս 10։7
Յուլիս 11—Քանզի «խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, քիչ մը հոս, քիչ մը հոն»։—Եսայեայ 28։10
Յուլիս 12—Իմ բերանս Տէրոջը [Եհովայի] գովութիւնը պիտի պատմէ ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։—Սաղմոս 145։21, Դիտ. 11/1/90 21
Յուլիս 13—Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։—Ժողովողի 7։9, Դիտ. 3/1/91 20–22բ
Յուլիս 14—Ես Հայրը կը սիրեմ։—Յովհաննու 14։31, Դիտ. 1/1/91 6, 7ա
Յուլիս 15—Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ։ Ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի։ Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։—Ծննդոց 9։3, 4, Դիտ. 9/1/91 4, 5
Յուլիս 16—Մովսէս ... իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է։ Անոր հետ բերնէ բերան ... կը խօսիմ։—Թուոց 12։7, 8
Յուլիս 17—Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասնզի վէմի վրայ հաստատուած էր։—Մատթէոս 7։24, 25
Յուլիս 18—Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։—Առակաց 15։1, Դիտ. 8/1/91 10, 11ա
Յուլիս 19—Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։—Եսայեայ 28։11
Յուլիս 20—Վասնզի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան։—Ա. Կորնթացիս 14։33
Յուլիս 21—Վասնզի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։—Հռովմայեցիս 14։17, Դիտ. 12/1/90 12, 13ա
Յուլիս 22—Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։—Եբրայեցիս 2։18, Դիտ. 4/1/91 18, 19
Յուլիս 23—Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։ Վասնզի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է։—Ա. Պետրոս 3։11, 12, Դիտ. 5/1/91 3, 4ա
Յուլիս 24—Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [լեզուի (ՆԱ)] պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9, Դիտ. 6/1/91 20ա
Յուլիս 25—Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասնզի անոր դատաստանին ժամը եկաւ։—Յայտնութիւն 14։7
Յուլիս 26—Աստուած ապաւէն է մեզի։ ... Ռամիկ մարդիկը փուճ են, ազնուական մարդիկը սուտ են։ Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան, ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։—Սաղմոս 62։8, 9
Յուլիս 27—Ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ։—Ղուկաս 15։10, Դիտ. 7/1/91 18–20
Յուլիս 28—Անոնց հայրերուն Տէր [Եհովա] Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով՝ ազդարարութիւններ կը ղրկէր։—Բ. Մնացորդաց 36։15, Դիտ. 8/1/91 10, 11
Յուլիս 29—Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։—Բ. Օրինաց 6։7, Դիտ. 9/1/91 21ա
Յուլիս 30—Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին Առաջնորդին ու Կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։—Եբրայեցիս 12։1, 2, Դիտ. 2/1/91 3–5ա
Յուլիս 31—Թերեւս [Եհովայի] բարկութեան օրը ծածկուիք։—Սոփոնեայ 2։3