Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Փետրուար 1—Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է։—Եբրայեցիս 11։1, Դիտ. 12/1/91 3, 4
Փետրուար 2—Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։—Սաղմոս 46։1, Դիտ. 1/1/92 16–19
Փետրուար 3—Ուստի եթէ դուք որ [մեղաւոր եւ բաղդատաբար] չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկաս 11։13
Փետրուար 4—Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։—Մատթէոս 24։13
Փետրուար 5—Սեռային անբարոյութենէն փախէք։—Ա. Կորնթացիս 6։18, «Նոր Միջազգային Թարգմանութիւն»։ Դիտ. 3/1/92 12, 13
Փետրուար 6—Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը։—Բ. Կորնթացիս 8։12, Դիտ. 2/1/92 5, 7
Փետրուար 7—Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։—Յակոբու 1։5, Դիտ. 5/1/92 13, 14
Փետրուար 8—Քու [օձին] ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես։—Ծննդոց 3։15
Փետրուար 9—Գառնուկը ... պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն։—Յայտնութիւն 7։17, Դիտ. 1/1/92 14, 15բ
Փետրուար 10—Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս։—Յովհաննու 1։14
Փետրուար 11—Արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։42, Դիտ. 4/1/92 15, 16
Փետրուար 12—Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։—Սաղմոս 51։5, Դիտ. 3/1/92 17
Փետրուար 13—Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի։—Ղուկաս 6։38
Փետրուար 14—Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։—Առակաց 4։18, Դիտ. 6/1/92 18
Փետրուար 15—Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։—Ա. Պետրոս 3։7
Փետրուար 16—Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։—Գաղատացիս 5։22, 23
Փետրուար 17—Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։—Եբրայեցիս 12։3
Փետրուար 18—Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ ... Տէրը [Եհովան] անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։—Սաղմոս 41։1, 3, Դիտ. 1/1/92 5–7ա
Փետրուար 19—Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։—Ա. Կորնթացիս 9։27, Դիտ. 3/1/92 18, 19
Փետրուար 20—Մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։—Բ. Կորնթացիս 6։1, Դիտ. 6/1/92 22, 23
Փետրուար 21—Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։—Եսայեայ 14։24, Դիտ. 12/1/91 8
Փետրուար 22—Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք, որպէսզի իմաստութիւնը ճանչնաք։ Վասնզի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, իմ օրէնքս մի՛ թողուք։—Առակաց 4։1, 2
Փետրուար 23—Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք։—Եբրայեցիս 10։36
Փետրուար 24—Աստուած անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ։—Յայտնութիւն 21։4, Դիտ. 1/1/92 17բ
Փետրուար 25—Սէրը բնա՛ւ չիյնար։—Ա. Կորնթացիս 13։8, Դիտ. 3/1/92 10, 11ա
Փետրուար 26—Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։—Յովհաննու 8։32, Դիտ. 2/1/92 17, 18
Փետրուար 27—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։—Մատթէոս 28։19, Դիտ. 6/1/92 13, 19ա
Փետրուար 28—Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն։—Գործք 17։2