Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յունիս 1—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթէոս 24։45, Դիտ. 5/1/92 4ա
Յունիս 2—Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ։—Յովհաննու 8։28
Յունիս 3—Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասնզի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։—Ղեւտացւոց 19։34, Դիտ. 7/1/92 10, 11գ
Յունիս 4—Առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու ... Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։—Յոբ 38։7, Դիտ. 8/1/92 11–13գ
Յունիս 5—Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։—Եսայեայ 2։4, Դիտ. 7/1/92 14, 15բ
Յունիս 6—Իմ հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան։—Յովելեայ 2։28, Դիտ. 8/1/92 16, 18, 19
Յունիս 7—Հոգիին պտուղը [կը բովանդակէ] ... հաւատարմութիւն [հաւատք]։—Գաղատացիս 5։22, 23, Դիտ. 12/1/91 9, 10
Յունիս 8—Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, թող անոնք ինծի չտիրեն։ Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։—Սաղմոս 19։13, Դիտ. 1/1/92 15, 16ա
Յունիս 9—Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ։ Թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։—Յակոբու 3։13
Յունիս 10—Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք։—Եբրայեցիս 10։36
Յունիս 11—Գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ։—Առակաց 25։9, Դիտ. 3/1/92 19, 20բ
Յունիս 12—Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ։ Ես Տէրս [Եհովա] իր ժամանակին պիտի [արագացնեմ] ասիկա։—Եսայեայ 60։22, Դիտ. 8/1/92 19, 20բ
Յունիս 13—Յոյսով ուրախ եղէ՛ք։ Նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք։ Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։12, Դիտ. 1/1/92 19, 20գ
Յունիս 14—Իմաստութեան սկիզբը Եհովայի վախն է։ Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն։ Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։—Սաղմոս 111։10, Դիտ. 2/1/92 3ա
Յունիս 15—Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը։—Բ. Կորնթացիս 8։12
Յունիս 16—Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկաս 11։13, Դիտ. 5/1/92 19, 20
Յունիս 17—Եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ՝ այս է բնականը, թող ամուսնացնէ, մէղք չի գործեր։—Ա. Կորնթացիս 7։36, Դիտ. 8/1/92 16–18գ
Յունիս 18—Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի ... Խաղաղութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը [Եհովայի] նախանձը պիտի ընէ ասիկա։—Եսայեայ 9։6, 7, Դիտ. 7/1/92 9–11բ
Յունիս 19—[Յիսուս] պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք։—Գործք 10։42
Յունիս 20—Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթէոս 28։19, 20, Դիտ. 6/1/92 13, 14ա
Յունիս 21—Գիտնալով թէ ժամանակն է, ... վասնզի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած։—Հռովմայեցիս 13։11, 12, Դիտ. 8/1/92 21, 22բ
Յունիս 22—[Բոլոր մարդիկը], որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, [ոտքի ելան], որպէսզի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը [Եհովայի] տունը շինեն։—Եզրասայ 1։5, Դիտ. 7/1/92 8–10դ
Յունիս 23—Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։—Սաղմոս 37։11, Դիտ. 7/1/92 15, 16բ
Յունիս 24—Անոնց՝ իմ տանս մէջ եւ պարիսպներուս մէջ եղող տղաքներէն ու աղջիկներէն աւելի՝ աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ։ Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ։—Եսայեայ 56։5, Դիտ. 8/1/92 14, 15գ
Յունիս 25—Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք։—Գաղատացիս 5։16, Դիտ. 6/1/92 12, 13բ
Յունիս 26—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն ... հոգւոյն սրբոյ։—Մատթէոս 28։19, Դիտ. 5/1/92 20, 21ա
Յունիս 27—Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք։ Հոգիով բորբոքեցէ՛ք։ Տէրոջը [Եհովայի] ծառայեցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։11
Յունիս 28—Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով։—Յովհաննու 14։6, Դիտ. 4/1/92 6, 7ա
Յունիս 29—Արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք։—Ղուկաս 21։36, Դիտ. 8/1/92 11, 12բ
Յունիս 30—Երանի՜ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից եղողներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնց կը պատկանի։ Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասնզի անոնք պիտի կշտանան։—Մատթէոս 5։3 ՆԱ, 6, Դիտ. 8/1/92 3, 4դ