Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 4/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 4/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Մայիս 1—Արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։14, Դիտ. 8/1/93 6, 7

Մայիս 2—Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէսզի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը [Եհովայի] անունով թող իւղով օծեն զինք։—Յակոբու 5։14, Դիտ. 8/1/93 13, 14գ

Մայիս 3—Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։—Գաղատացիս 5։22, 23, Դիտ. 12/1/92 3, 4գ

Մայիս 4—Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։—Զաքարեայ 14։12, Դիտ. 1/1/93 6, 7

Մայիս 5—Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։—Առակաց 14։1, Դիտ. 1/1/93 14, 15բ

Մայիս 6—Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի։—Սաղմոս 113։5, Դիտ. 3/1/93 1–3

Մայիս 7—Աշակերտները ուրախութեամբ եւ սուրբ հոգիով կը լեցուէին։—Գործք 13։52, Դիտ. 12/1/92 13, 14

Մայիս 8—Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, ...։ Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթէոս 28։19, 20, Դիտ. 2/1/93 3, 4ա

Մայիս 9—Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն։—Մաղաքեայ 3։3, Դիտ. 4/1/93 8–10ա

Մայիս 10—Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք։—Յակոբու 5։16, Դիտ. 8/1/93 14, 15գ

Մայիս 11—Երբ ... զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, [անոնք] պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը [Եհովան]։—Եզեկիէլ 34։27, Դիտ. 3/1/93 8, 9դ

Մայիս 12—Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը [Եհովայի] փառքը քու վրադ ծագեցաւ։—Եսայեայ 60։1, Դիտ. 4/1/93 16, 17, 19բ

Մայիս 13—Վասնզի դո՛ւն, ո՛վ Տէր [Եհովա], բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։ Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր [Եհովա] ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։ Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասնզի դուն ինծի կը պատասխանես։—Սաղմոս 86։5–7, Դիտ. 2/1/93 8, 9բ

Մայիս 14—Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։—Մատթէոս 16։27, Դիտ. 8/1/93 11

Մայիս 15—Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար ... Քրիստոսին անձովը։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Դիտ. 7/1/93 3, 4

Մայիս 16—Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։—Եփեսացիս 6։4, Դիտ. 8/1/93 5դ

Մայիս 17—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթէոս 24։45, Դիտ. 5/1/93 6, 7ա

Մայիս 18—Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։ Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէսզի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։—Սաղմոս 119։33, 34, Դիտ. 5/1/93 11, 12գ

Մայիս 19—Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր։—Բ. Տիմոթէոս 3։14, Դիտ. 7/1/93 16, 17բ

Մայիս 20—Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին։—Ա. Կորնթացիս 11։1, Դիտ. 12/1/92 18–20ա

Մայիս 21—Անիկա [Եհովա] արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։—Մաղաքեայ 3։3, Դիտ. 8/1/93 2, 3ա

Մայիս 22—Անզգայ ըլլալով՝ [անոնք] ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու։—Եփեսացիս 4։19, Դիտ. 6/1/93 16, 17

Մայիս 23—Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։ Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։—Սաղմոս 51։8, Դիտ. 6/1/93 18բ

Մայիս 24—Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք [հովուեցէք], ... ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ։—Ա. Պետրոս 5։2, Դիտ. 8/1/93 11, 12դ

Մայիս 25—Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը [Եհովայի] դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ։—Եսայեայ 55։7, Դիտ. 12/1/92 21, 22բ

Մայիս 26—Ուստի քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ»։—Յովհաննու 11։47, Դիտ. 1/1/93 13, 14

Մայիս 27—Ո՛վ Տէր [Եհովա], դուն պիտի պահես զանոնք ու [իւրաքանչիւրը (ՆԱ)] պիտի պաշտպանես այս ազգէն [սերունդէն (ՆԱ)] մինչեւ յաւիտեան։—Սաղմոս 12։7, Դիտ. 1/1/93 22, 23գ

Մայիս 28—[Եհովա,] ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս. կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։—Բ. Թագաւորաց 22։26, Դիտ. 3/1/93 1, 2բ

Մայիս 29—Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ [Ան] իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։—Մատթէոս 24։47, Դիտ. 8/1/93 7, 9ա

Մայիս 30—Որովհետեւ ինք [Պօղոս] արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասնզի արհեստով վրանագործ էին։—Գործք 18։3, Դիտ. 2/1/93 16ա

Մայիս 31—Նոր մարդը ձեր վրայ [պէտք է] հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։—Եփեսացիս 4։24, Դիտ. 6/1/93 15, 16ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել