Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 2/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 2/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ

Մարտ 1—Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։—Մատթ. 16։24, Դիտ. 6/1/95 2, 3ա

Մարտ 2—Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ։—Ամովս. 3։8, Դիտ. 12/1/94 8–10բ

Մարտ 3—Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք։ Աստուծոյ գործերը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է։—Բ. Օր. 32։3, 4, Դիտ. 2/1/95 5, 6գ

Մարտ 4—Միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ։—Սաղմ. 86։11, Դիտ. 6/1/95 12, 13բ

Մարտ 5—Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։—Գործք 24։15, Դիտ. 5/1/95 5, 12բ

Մարտ 6—Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։—Ա. Կորնթ. 6։18, Դիտ. 11/1/94 11, 12ա

Մարտ 7—Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։—Յոբ 14։13, Դիտ. 12/1/94 5, 7

Մարտ 8—[Անոնք] իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են։—Յայտն. 7։14, 15, Դիտ. 5/1/95 6ա

Մարտ 9—Որպէսզի [մարդիկ] գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։—Սաղմ. 83։18, Դիտ. 6/1/95 10, 11

Մարտ 10—Այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասնզի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն [ամրոցն (ՆԱ)] է։—Նէեմ. 8։10, Դիտ. 4/1/95 3, 18–20բ

Մարտ 11—Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։—Եսայ. 48։17, Դիտ. 6/1/95 8–10գ

Մարտ 12—Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։—Մատթ. 15։28, Դիտ. 11/1/94 6ա

Մարտ 13—Սէրը բնա՛ւ չիյնար։—Ա. Կորնթ. 13։8, Դիտ. 1/1/95 20, 22ա

Մարտ 14—Անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 3/1/95 17ա

Մարտ 15—Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէսզի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին։—Ղուկ. 16։9, Դիտ. 4/1/95 21–23ա

Մարտ 16—Բայց առաջ խնդրեցէք [նախ փնտռեցէք (ՆԱ)] Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք [մի՛ մտահոգուիք (ՆԱ)], վասնզի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ։—Մատթ. 6։33, 34, Դիտ. 3/1/95 16, 17դ

Մարտ 17—Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։—Եսայ. 55։11, Դիտ. 6/1/95 17, 18

Մարտ 18—Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։—Սաղմ. 89։7, Դիտ. 6/1/95 2, 3բ

Մարտ 19—Ձեր քաղցրութիւնը [բանաւորութիւնը (ՆԱ)] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է։—Փիլ. 4։5, Դիտ. 11/1/94 1, 2ա

Մարտ 20—Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. «Զօրութեամբ չէ եւ ոյժով չէ, հապա իմ հոգիովս», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։—Զաք. 4։6, Դիտ. 11/1/94 4, 14գ

Մարտ 21—Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին Առաջնորդին ու Կատարողին։—Եբր. 12։2, Դիտ. 12/1/94 9, 12, 13

Մարտ 22—Աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը։—Հռովմ. 1։20, Դիտ. 2/1/95 2, 3

Մարտ 23—Ես զանիկա [տոմսը] կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։—Եզեկ. 3։3, Դիտ. 12/1/94 6, 7բ

Մարտ 24—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առ. 27։11, Դիտ. 6/1/95 16ա

Մարտ 25—Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։—Սաղմ. 34։11, Դիտ. 6/1/95 5, 6բ

Մարտ 26—Ահա Տէր Եհովան ... իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ։—Եսայ. 40։10, 11, Դիտ. 1/1/95 1, 2ա

Մարտ 27—Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։—Մատթ. 20։34, Դիտ. 3/1/95 20

Մարտ 28—Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։—Ղուկ. 18։19, Դիտ. 6/1/95 7, 8ա եւ Մարկոս 14։3–9. 11։1–11

Յիշատակատօնին համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութիւն։

Մարտ 29—Ժողովուրդը ... անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կատօտ էին՝ կը բժշկէր։—Ղուկ. 9։11, Դիտ. 3/1/95 18, 19 եւ Մարկոս 11։12–19

Մարտ 30—Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած։—Եբր. 10։7, Դիտ. 6/1/95 4, 5ա եւ Մարկոս 11։20–12։27

Մարտ 31—Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։—Յովհ. 6։38, Դիտ. 6/1/95 5, 6ա եւ Մարկոս 14։1, 2, 10, 11

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել