Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ
Յունիս 1—Վասնզի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին։—Գործք 28։22, Դիտ. 11/1/94 2, 3գ
Յունիս 2—Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11, Դիտ. 3/1/95 21գ
Յունիս 3—Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։—Սաղմ. 145։2, Դիտ. 4/1/95 17, 18
Յունիս 4—Իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէսզի ինծմէ չխոտորին։—Երեմ. 32։40, Դիտ. 6/1/95 16, 17, 19բ
Յունիս 5—Թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։—Կող. 2։5, Դիտ. 2/1/95 22, 23ա
Յունիս 6—Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ։—Յովհ. 6։44, Դիտ. 7/1/95 18, 19
Յունիս 7—Աստուած մեզի յայտնեց [այն բաները զորս ան զինք սիրողներուն համար պատրաստած է] իր հոգիովը, վասնզի հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։—Ա. Կորնթ. 2։10, Դիտ. 4/1/95 9, 10բ
Յունիս 8—Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է։—Փիլ. 4։5, Դիտ. 11/1/94 1, 3, 4ա
Յունիս 9—Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։ Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։—Սաղմ. 145։1, 2, Դիտ. 12/1/94 10, 11բ
Յունիս 10—Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասնզի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։—Մարկ. 10։14, Դիտ. 1/1/95 16, 17բ
Յունիս 11—Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «... Անձը անարատ պահել աշխարհէն»։—Յակ. 1։27, Դիտ. 5/1/95 8, 9ա
Յունիս 12—Ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։—Բ. Թես. 2։15, 16, Դիտ. 7/1/95 12, 13ա
Յունիս 13—«Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն»։ Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Գրէ՛. Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն»։—Յայտ. 14։12, 13, Դիտ. 5/1/95 16–18դ
Յունիս 14—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով։—Եբր. 10։24, Դիտ. 4/1/95 7գ
Յունիս 15—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 11/1/94 1, 2գ
Յունիս 16—Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։—Սաղմ. 143։5, Դիտ. 12/1/94 12, 13բ
Յունիս 17—Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ։—Երեմ. 31։34, Դիտ. 1/1/95 14, 15գ
Յունիս 18—Ձեր հաւատքին վրայ [չենք տիրապետեր]։—Բ. Կորնթ. 1։23 Դիտ. 7/1/95 10, 11ա
Յունիս 19—Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։—Առ. 29։25, Դիտ. 6/1/95 12գ
Յունիս 20—Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար։—Մարկ. 14։38, Դիտ. 11/1/94 14, 15ա
Յունիս 21—Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։—Գաղ. 6։4, Դիտ. 12/1/94 16, 17
Յունիս 22—Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք։—Հռովմ. 12։11, Դիտ. 12/1/94 15բ
Յունիս 23—[Անոնք] իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։——Յայտն. 7։15, Դիտ. 5/1/95 12, 14, 15ա
Յունիս 24—Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ։—Յովհ. 7։46, Դիտ. 7/1/95 7, 8ա
Յունիս 25—Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։—Առ. 3։5, 6, Դիտ. 3/1/95 15, 16դ
Յունիս 26—Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։—Անգ. 2։7, Դիտ. 4/1/95 13, 14բ
Յունիս 27—Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ։—Փիլ. 4։5, Դիտ. 11/1/94 17, 18ա
Յունիս 28—Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։—Գործք 24։15, Դիտ. 5/1/95 5, 16–18բ
Յունիս 29—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով։—Եբր. 10։24, Դիտ. 7/1/95 2, 4, 6, 7ա
Յունիս 30—Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։—Յակ. 1։22, Դիտ. 5/1/95 4ա