Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ
Հոկտեմբեր 1—Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն, Հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար։—Ա. Կոր. 2։6, 7, Դիտ. 11/1/94 13, 14բ
Հոկտեմբեր 2—Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան ու երգերով Սիօն պիտի գան։ Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։—Եսայ. 51։11, Դիտ. 12/1/94 13, 14ա
Հոկտեմբեր 3—Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար։—Յակ. 3։17, Դիտ. 1/1/95 6, 7բ
Հոկտեմբեր 4—Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։—Ա. Պետ. 5։6, Դիտ. 3/1/95 12–13դ
Հոկտեմբեր 5—Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ։—Միք. 7։7, Դիտ. 12/1/94 15, 16գ
Հոկտեմբեր 6—Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։—Մատթ. 9։36, Դիտ. 3/1/94 16, 17
Հոկտեմբեր 7—Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։—Սաղմ. 119։34, Դիտ. 9/1/95 19, 20գ
Հոկտեմբեր 8—Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու անոնց մեծագոյնը սէրն է։—Ա. Կոր. 13։13, Դիտ. 1/1/95 17, 18
Հոկտեմբեր 9—Տնանկ որբեւայրի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։ Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին ամենէն աւելի ձգեց».—Ղուկ. 21։2, 3, Դիտ. 4/1/95 19ա
Հոկտեմբեր 10—Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։—Յակ. 4։7, Դիտ. 2/1/95 19բ
Հոկտեմբեր 11—Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։—Սաղմ. 16։6, Դիտ. 6/1/95 7, 8գ
Հոկտեմբեր 12—Վասն զի անով [Քրիստոսով] ամէն բան ստեղուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւան եւ անոնք որ չեն երեւար, ... բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։—Կող. 1։16, Դիտ. 2/1/95 4, 5
Հոկտեմբեր 13—Ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։—Հռովմ. 12։1, Դիտ. 9/1/95 2, 3գ
Հոկտեմբեր 14—Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։—Ա. Կոր. 15։26, Դիտ. 9/1/95 11, 12
Հոկտեմբեր 15—Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ։—Մաղ. 4։2, Դիտ, 7/1/95 10, 12գ
Հոկտեմբեր 16—Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք։—Ղուկ. 12։7, Դիտ. 7/1/95 7, 8
Հոկտեմբեր 17—Ո՛րչափ կը սիրեմ քու օրենքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։—Սաղմ. 119։97, Դիտ. 8/1/95 11, 12ա
Հոկտեմբեր 18—Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, որ ետ կենաք արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ։—Գործք. 15։28, 29, Դիտ. 8/1/95 8, 9բ
Հոկտեմբեր 19—Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյ առջեւ պիտի ուտեք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք։—Բ. Օր. 12։7, Դիտ. 4/1/95 3 4գ
Հոկտեմբեր 20—Ու Յովաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։—Մատթ. 11։12, Դիտ. 2/1/95 4, 5
Հոկտեմբեր 21—Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։—Հռովմ. 12։1, Դիտ. 9/1/95 3, 5գ
Հոկտեմբեր 22—Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Աստուծոյ Որդւոյն] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։—Յովհ. 5։28, 29, Դիտ. 9/1/95 13, 14
Հոկտեմբեր 23—Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներէն ամենէն աւելին ձգեց»։—Մարկ. 12։43, Դիտ. 11/1/94 13, 14ա
Հոկտեմբեր 24—Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ գրեց ձեզի։—Բ. Պետ. 3։15, Դիտ. 8/1/95 4, 5գ
Հոկտեմբեր 25—Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։—Մաղ. 4։5, Դիտ. 7/1/95 13, 15գ
Հոկտեմբեր 26—Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։—Յայտ. 20։13, Դիտ. 5/1/95 15բ
Հոկտեմբեր 27—Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։—Գաղ. 6։9, Դիտ. 6/1/95 14, 15ա
Հոկտեմբեր 28—Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։—Առակ. 16։23, Դիտ. 10/1/95 4, 5դ
Հոկտեմբեր 29—Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք։—Փիլ. 4։8, Դիտ. 12/1/94 9, 10ա
Հոկտեմբեր 30—Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։—Սաղմ. 128։1, Դիտ. 1/1/95 19, 20
Հոկտեմբեր 31—Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։—Ղուկ. 2։8, Դիտ. 8/1/95 13գ