Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Յունուար 1—Կը կարծէք որ գիրքը պարա՞պ տեղ կ’ըսէ թէ Նախանձի կը փափաքի մեր մէջ բնակող հոգին։—Յակ. 4։5, Դիտ. 12/1/95 5դ
Յունուար 2—Ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես։—Ա. Կորն. 7։16, Դիտ. 1/1/96 10–12
Յունուար 3—Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասնզի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները։—Յայտ. 14։7, Դիտ. 1/1/96 1–3բ
Յունուար 4—Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք . . . վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ . . . Արթուն կեցէք, . . . ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’։—Մար. 13։33, 35, 37, Դիտ. 3/1/96 5ա
Յունուար 5—Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց։ —Կող. 3։23, Դիտ. 4/1/96 11–13
Յունուար 6—Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ։—Ա. Յովհ. 2։15, 16, Դիտ. 3/1/96 20, 21գ
Յունուար 7—Ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ։—Մատթ. 13։52, Դիտ. 5/1/96 10, 11ա
Յունուար 8—Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս, . . . կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ։—Եզեկ. 34։15, 16, Դիտ. 4/1/96 12, 13գ
Յունուար 9—Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։—Զաք. 8։3, Դիտ. 2/1/96 8, 9բ
Յունուար 10—Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։—Ծննդ. 6։9, Դիտ. 11/1/95 4
Յունուար 11—Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։—Սաղմ. 34։8, Դիտ. 11/1/95 18գ
Յունուար 12—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։—Մատթ. 28։19, Դիտ. 2/1/96 14ա
Յունուար 13—Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. Չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք։—Ա. Կորն. 3։3, Դիտ. 12/1/95 1–3գ
Յունուար 14—Ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ, ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ։—Եփ. 3։14, 15, Դիտ. 1/1/96 5, 6
Յունուար 15—Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։—Յովհ. 7։18, Դիտ. 5/1/96 6–8
Յունուար 16—Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։—Առ. 2։21, Դիտ. 1/1/96 4–6բ
Յունուար 17—Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէսզի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։—Թուոց 35։11, Դիտ. 3/1/96 13, 14բ
Յունուար 18—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթ. 28։19, 20, Դիտ. 1/1/96 3, 4ա
Յունուար 19—«Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, «նաեւ իմ ընտրած ծառաս. որպէսզի գիտնաք ու ինծի հաւատաք եւ հասկնաք թէ ես եմ. ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ»։—Եսայ. 43։10, Դիտ. 12/1/95 4, 9
Յունուար 20—Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։—Եբր. 11։7, Դիտ. 2/1/96 2, 3
Յունուար 21—Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, . . . քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան։—Զաք. 8։4, 5, Դիտ. 2/1/96 14, 15բ
Յունուար 22—Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։—Սաղմ. 90։12, Դիտ. 3/1/96 5, 6ա
Յունուար 23—Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, ինչպէս ես կը կարծեմ, համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք։—Ա. Պետ. 5։12, Դիտ. 5/1/96 14, 15
Յունուար 24—Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։—Եսայ. 35։1, Դիտ. 5/1/96 7–9դ
Յունուար 25—Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։—Առ. 17։3, Դիտ. 4/1/96 2, 3բ
Յունուար 26—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով։—Եբր. 10։24, Դիտ. 11/1/95 14ա
Յունուար 27—Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն։—Մատթ. 13։23, Դիտ. 5/1/96 8, 9
Յունուար 28—Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին։—Ել. 7։6, Դիտ. 2/1/96 6–8
Յունուար 29—Վասնզի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։—Սաղմ. 86։5, Դիտ. 4/1/96 8, 9
Յունուար 30—Իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։—Փիլ. 4։19, Դիտ. 11/1/95 8, 9գ
Յունուար 31—Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք։—Յովհ. 13։35, Դիտ. 12/1/95 7ա