Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Հոկտեմբեր 1—Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։—Ա. Պետ. 1։15, Դիտ. 7/1/96 13-16գ
Հոկտեմբեր 2—Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։—Հռովմ. 13։7, Դիտ. 8/1/96 1, 2ա
Հոկտեմբեր 3—Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։—Եսայ. 35։10, Դիտ. 5/1/96 23, 24դ
Հոկտեմբեր 4—Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։—Բ. Տիմ. 3։15, Դիտ. 8/1/96 3, 4գ
Հոկտեմբեր 5—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 7/1/96 7ա
Հոկտեմբեր 6—Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին։—Յայտ. 12։17, Դիտ. 9/1/96 15
Հոկտեմբեր 7—Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր, զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար. միտքս դրի որ բերանս պատուիրազանց չըլլայ։—Սաղմ. 17։3, Դիտ. 9/1/96 15գ
Հոկտեմբեր 8—Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«կործանում», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը։—Մատթ. 25։46, Դիտ. 1/1/96 23, 24գ
Հոկտեմբեր 9—Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։—Հռովմ. 12։17, Դիտ. 8/1/96 6, 7ա
Հոկտեմբեր 10—Տէրոջը բարկութեան օրը անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։—Սոփ. 1։18, Դիտ. 6/1/96 3ա
Հոկտեմբեր 11—Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։—Յովհ. 4։23, Դիտ. 7/1/96 17գ
Հոկտեմբեր 12—Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է։—Զաք. 8։23, Դիտ. 9/1/96 17, 18
Հոկտեմբեր 13—Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։—Մատթ. 6։25, Դիտ. 11/1/95 15, 16գ
Հոկտեմբեր 14—Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր։—Գ. Թագ. 4։20, 25, Դիտ. 9/1/96 19, 20բ
Հոկտեմբեր 15—Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ»։—Եսայ. 2։3, Դիտ. 11/1/95 18, 19
Հոկտեմբեր 16—‘Քու տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։—Մար. 12։30, Դիտ. 8/1/96 9ա
Հոկտեմբեր 17—[Յովնաթան] ըսաւ [Դաւիթի]. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։—Ա. Թագ. 23։17, Դիտ. 12/1/95 12գ
Հոկտեմբեր 18—Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի։—Հռովմ. 10։13, Դիտ. 7/1/96 15, 16ա
Հոկտեմբեր 19—Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթ. 28։19, 20, Դիտ. 8/1/96 20, 21բ
Հոկտեմբեր 20—Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։—Ղուկ. 21։20, Դիտ. 9/1/96 5, 8, 10ա
Հոկտեմբեր 21—Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։—Ա. Կորն. 10։11, Դիտ. 9/1/96 1գ
Հոկտեմբեր 22—Այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։—Եփ. 5։23, Դիտ. 1/1/96 19, 20
Հոկտեմբեր 23—Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն։—Բ. Պետ. 3։11, 12, Դիտ. 3/1/96 17ա
Հոկտեմբեր 24—Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ։—Մատթ. 13։22, Դիտ. 11/1/95 14գ
Հոկտեմբեր 25—Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛։—Բ. Տիմ. 4։5, Դիտ. 8/1/96 13-15ա
Հոկտեմբեր 26—Իրարու հոգ տանինք . . . եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք։—Եբր. 10։24, 25, Դիտ. 6/1/96 13, 15գ
Հոկտեմբեր 27—Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։—Ղուկ. 9։62, Դիտ. 9/1/96 25, 26ա
Հոկտեմբեր 28—Եղբայրնե՛ր, . . . ձեր մարմինները [ընծայեցէք] կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ . . . Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։—Հռովմ. 12։1, 2, Դիտ. 9/1/96 7գ
Հոկտեմբեր 29—Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։—Թուոց 35։15, Դիտ. 3/1/96 7, 8գ
Հոկտեմբեր 30—Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։—Մատթ. 25։40, Դիտ. 1/1/96 7, 10, 11դ
Հոկտեմբեր 31—Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։—Հռովմ. 12։18, Դիտ. 8/1/96 15, 16ա