Բժիշկներ, դատաւորներ եւ Եհովայի վկաներ
ՄԱՐՏ 1995–ին, Եհովայի Վկաները Պրազիլիոյ մէջ երկու գիտաժողովներ կազմակերպեցին։ Ի՞նչ նպատակով։ Բժշկական եւ օրինական անձնակազմերու համագործակցութիւնը ձեռք ձգելու համար, այն պարագային՝ երբ հիւանդանոց մտնող հիւանդը Եհովայի Վկաներէն մէկն է եւ արեան ներարկում չկրնար ընդունիլ։—Գործք 15։29
Դժբախտաբար, կարգ մը պարագաներուն, բժիշկներէն ոմանք Վկայ հիւանդներու փափաքը անտեսած էին եւ արեան ներարկում մը ստիպելու համար, փորձած էին դատարանէն իրաւունք ձեռք ձգել։ Այսպիսի պարագաներուն, Վկաները մատչելի եղած օրինական ամէն միջոցներ գործածած էին, որպէսզի իրենք զիրենք պաշտպանեն։ Այսուհանդերձ, անոնք նախընտրեցին համագործակցիլ, քան՝ ընդդիմադրել։ Ուստի, գիտաժողովները շեշտեցին թէ արեան համադիր ներարկման դարմանումին տեղ բազմաթիւ փոխընտրութիւններ կան եւ Եհովայի Վկաները զանոնք ուրախութեամբ կ’ընդունին։a
Սէն Բաւլոյի Բժշկութեան Շրջանային Խորհուրդին մէկ ժողովը, արդէն իսկ Վկաներու կեցուածքին թիկունք կանգնած էր։ Յունուար 1995–ին, ան որոշեց թէ՝ եթէ բժիշկի մը յանձնարարած դարմանումին դէմ առարկութիւն մը կայ, հիւանդը իրաւասութիւնը ունի զայն մերժելու եւ ուրիշ բժիշկ մը ընտրելու։
Գնահատելի է որ, ներկայիս Պրազիլիոյ բժշկական շրջանակին մէջ հարիւրաւոր մասնագէտներ կան, որոնք իրենց հիւանդին խնդրանքին վրայ պատրաստ են առանց արեան դարմանում կիրարկելու։ Մարտ 1995–ին տեղի ունեցած գիտաժողովներէն ի վեր, Պրազիլիոյ մէջ բժիշկներու, դատաւորներու եւ Եհովայի Վկաներու միջեւ համագործակցութիւնը ուշագրաւօրէն բարելաւուած է։ 1997–ին, պրազիլական բժշկական պարբերաթերթը՝ Էմպիթու Օսփիթալար, յօդուած մը հրատարակեց, որու մէջ պնդեց թէ՝ Եհովայի Վկաները իրաւասութիւնը ունին պահանջելու, որ արեան հարցին նկատմամբ իրենց կեցուածքը յարգուի։ Ներկայիս լայնօրէն ընդունուած է, թէ՝ ըստ Ռիօ տը Ժանէյրօ եւ Սէն Բաւլօ նահանգներու Բժշկութեան Շրջանային Խորհուրդի որոշումին՝ «իր հիւանդին կեանքը պաշտպանելու բժիշկի մը պարտականութիւնը, պէտք չէ՛ հիւանդին ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելու պարտականութենէն առաջ անցնի»։
[Ստորանիշ]
a Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Արիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։