«Ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները»
ՏԱՍՆԻՆՆԵՐՈՐԴ դարու լրագրող մը ցօղի կաթիլները նկարագրեց որպէս «երկրին հեղուկ գոհարը, օդին կողմէ կազմուած»։ Մեր Ստեղծիչը վաղեմի Յոբ նահապետին հարցուց. «Ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները»։ (Յոբայ 38։28) Աստուած Յոբին կը յիշեցնէր որ թանկարժէք ցօղը Իրմէ ծագում կ’առնէր։
Իր փայլփլող, գոհարանման գեղեցկութենէն զատ, Աստուածաշունչը ցօղը կը կապէ օրհնութեան, բեղմնաւորութեան, առատութեան եւ կեանքի պահպանման հետ։ (Ծննդոց 27։28. Բ. Օրինաց 33։13, 28. Զաքարեայ 8։12) Իսրայէլի տաք ու անջրդի եղանակներուն, «Հերմոնի շաղ»ը երկրին բուսականութիւնը, ուրիշ խօսքով, ժողովուրդը կը պահպանէր։ Հերմոն լերան անտառային եւ ձիւնապատ բարձունքները տակաւին գիշերային շոգի կ’արտադրեն, որ խտանալով առատ ցօղ կը դառնայ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ այս ցօղին պատճառած թարմութիւնը բաղդատեց, Եհովայի երկրպագուներու հետ միաբանութեամբ բնակելու հաճելի փորձառութեան հետ։—Սաղմոս 133։3
Իսրայէլի տուած Մովսէս մարգարէին հրահանգները ազնիւ եւ թարմացուցիչ էին՝ ցօղի կաթիլներու նման։ Ան ըսաւ. «Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ»։ (Բ. Օրինաց 32։2) Այսօր, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան կենսատու բարի լուրը կը ծանուցանեն մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Մատթէոս 24։14) Աստուած հրաւէր կու տայ. «‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Բոլոր ազգերէն միլիոնաւոր անհատներ Աստուծմէ եկած այս հոգեւոր թարմացումի հրաւէրը կ’ընդունին, որ կրնայ կեանքը յաւիտեան պահել։