Կրնա՞ք շիտակը սխալէն զանազանել
«Անձնապէս պատասխանատու էի 25 հոգիի մահուան։ . . . Ամէ՛ն գիշեր, ամէ՛ն օր այդ պատկերը մտքիս մէջ էր։ Մղձաւանջներու մէջ եմ։ . . . Ուր որ երթամ, կը տեսնեմ դէմքեր, որոնք ինծի կը յիշեցնեն սպաննածս անհատները։ Աչքիս առջեւէն չեն երթար, կարծես այսօր, այս պահուն պատահած ըլլար։ . . . Ըրած բաներուս համար չեմ կրնար ինքզինքիս ներել»։—Վ.Ս.
«Ինծի պատուէր տրուեցաւ որ հոն երթամ ու թշնամիները բնաջնջեմ։ . . . Ես նստելով չմտածեցի տղամարդոց, կիներու ու երախաներու մասին։ . . . Այդ ժամանակ եւ մինչեւ հիմա կը խորհիմ որ ինչ որ ինծի ըսին՝ ըրի, եւ ինծի տրուած հրամանը կատարեցի եւ ըրածս սխալ չեմ գտներ»։—Ու.Ք.
ՄԱՐՏ 16, 1968–ին, վերոյիշեալ երկու տղամարդիկը բանի մը մասնակցեցան որ հետագային նկատուեցաւ որպէս վատահամբաւ պատերազմի ոճիր։ Անոնք ուրիշ զինուորներու հետ, վիէթնամական գիւղ մը մտան եւ հարիւրաւոր քաղաքացիներ սպաննեցին՝ կիներ, երախաներ եւ տարեցներ։ Բայց նկատի առէք այս երկու զինուորներուն հակադրական հակազդեցութիւնները։ Առաջին զինուորը բացայայտօրէն կը տանջուի իր ըրած բանին համար։ Երկրորդը՝ կը խորհի որ իր ըրածը արդարացի է։ Երկու անհատներ ի՞նչպէս նոյն փորձառութեան հանդէպ այսքան տարբեր ընդառաջում ցոյց կու տան։
Պատասխանը խղճմտանքի հետ կապուած է. խղճմտանքը աստուածատուր կարողութիւն մըն է որ մեզի կ’օգնէ որ անկեղծօրէն դատենք մեր արարքներն ու դիտաւորութիւնները։ Անիկա շիտակի ու սխալի մեր ներքին զգացումն է։
Որոշումներ տալու ժամանակ, կարգ մը անհատներ հետեւեալ առածին կը դիմեն. «Խղճմտանքով առաջնորդուիր»։ Դժբախտաբար, սակայն, խղճմտանքը միշտ ալ վստահելի չէ։ Արդարեւ, շատեր սարսափելի վայրագութիւններ հանդուրժած կամ կատարած են, առանց խղճի խայթ ունենալու։ (Յովհաննու 16։2. Գործք 8։1) Ինչպէս առիթով մը Անգլիացի վիպագիր Սէմուէլ Պաթլըր դիտել տուաւ, խղճմտանքը «շուտով կը դադրի խօսելէ անոնց՝ որոնք չեն փափաքիր անոր լսել»։
Ձեր խղճմտանքին կը վստահի՞ք։ Ասոր պատասխանը մեծապէս կախեալ է թէ զայն որքան լաւ մարզած էք, ինչպէս ցոյց պիտի տայ յաջորդ յօդուածը։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
Upper war scene։ U.S. Signal Corps photo