Լաւ ընկերներ ընտրելու մէջ ուղղութիւն
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ իրենց տարեկիցներուն եւ ո՛չ թէ իրենց ծնողներուն կը նային հագուստի ու երաժշտութեան մասին ուղղութիւն ստանալու համար, դիտել կու տայ տեղեկագրութիւն մը Րիտըրզ Տայճէսթ–ի մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ ծնողներ գիտնան թէ իրենց զաւակները որո՛նց հետ կ’ընկերակցին եւ ո՛ւր։
«Ձեր պատասխանատուութիւնն է հետազօտել», կ’ըսէ Էզմէ վան Ռէնսպըրկ, Հարաւ Ափրիկեան համալսարանի հոգեբանութեան բաժնի աւագ դասախօսուհին։ Ան կ’աւելցնէ. «Հաւանական է որ ձեր զաւակը ձեզմէ վրդովի, բայց պիտի հանդարտի»։ Ապա ծնողներուն հետեւեալ խորհուրդները կու տայ. Դրուած կանոնները տրամաբանական պէտք է ըլլան եւ որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուած. մտիկ ըրէք ձեր երախային. դիւրագրգիռ մի՛ ըլլաք, այլ ձեր հանդարտութիւնը պահեցէք եւ գիտցէք թէ ի՛նչ կ’ուզէք ըսել։ Եթէ ձեր զաւակը անփափաքելի մէկու մը հետ բարեկամութիւն մշակած է, փոխանակ պարզապէս ընկերակցութիւնը արգիլելու, անկէ յառաջ եկած անընդունելի վարուելակերպին վրայ շեշտ դրէք։
Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ իմաստուն խրատներ կան ծնողներու համար։ Օրինակ, անիկա կ’ըսէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) Սուրբ Գիրքը ընկերակցութեան մասին հետեւեալ լաւ խրատն ալ կու տայ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Այս օրինակները ցոյց կու տան թէ անոնք որոնք Աստուածաշունչը գնահատութեամբ կը կարդան եւ անոր խօսքեր իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը գործադրեն, իմաստութիւն ձեռք կը ձգեն։