Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն
Աստուածպետական ընդարձակում՝ Նամիպիոյ մէջ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Թագաւորութեան բարի լուրը առաջին անգամ Նամիպիա հասաւ 1920–ական թուականներու վերջաւորութեան։ Այդ ժամանակէն ի վեր, պարկեշտ սիրտ ունեցող հարիւրաւոր անհատներ Աստուծոյ փրկութեան պատգամին ընդառաջած են։ Հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովա այս ցանկալի բաները ի՛նչպէս իր փարախին մէջ կը հաւաքէ։—Անգեայ 2։7
◻ Փոլաս՝ հիւսիս–արեւելեան Նամիպիոյ մէջ ապրող երկրագործ մը՝ առաջին անգամ Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ եկաւ երբ Ուինտհոք մայրաքաղաքը այցելեց։ Փոլաս շուտով համոզուեցաւ թէ ճշմարտութիւնը գտած էր։ Ան տուն վերադարձաւ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գրքով։ Յետոյ, երբ Թագաւորութեան Սրահ մը ունեցող ամենամօտ գիւղաքաղաքը՝ Ռունտու՝ այցելեց, Փոլաս Վկաները գտնելով անոնցմէ խնդրեց որ իրեն այցելեն։
Սակայն, հեռաւորութիւնը շատ մեծ ըլլալով Վկաները չկրցան Փոլասի հետ ամէն շաբաթ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Առանց իր մտադրութենէն ետ կենալու, Փոլաս սկսաւ Աստուածաշունչը առանձին ուսումնասիրել։ Ասկէ զատ, ան նախանձախնդրաբար ուրիշներուն քարոզեց իր սորված բաներուն մասին։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խումբ մը կազմուեցաւ։ Երբ այս պզտիկ խումբը ձայնասփիւռէն լսեց թէ Եհովայի Վկաներու համաժողով մը տեղի պիտի ունենար Ռունտուի մէջ, անոնք իրենց խեղճ վաստակը իրարու վրայ գումարելով փոխադրութեան կարգադրութիւններ ըրին, որպէսզի ներկայ գտնուին։
Առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի Վկաներու հետ ընկերակցիլը, անոնց համար ի՜նչ խայտալի փորձառութիւն մըն էր։ Շուտով կարգադրութիւններ եղան որ որակելի եղբայրներ այս խումբը կանոնաւորաբար այցելեն։ Ներկայիս, Փոլասի ապրած գիւղին մէջ վեց հրատարակիչներ կան։
◻ Աստուծոյ անուան նկատմամբ Եոհաննայի հետաքրքրութիւնը արթնցաւ երբ ան Եհովայի Վկաներուն դէմ գէշ բաներ խօսող անհատի մը հանդիպեցաւ։ Ան կը յիշէ. «Երբ առաջին անգամ որ Եհովա անունը լսեցի, անիկա մտքիս վրայ անջնջելի տպաւորութիւն մը ձգեց եւ սկսայ հարց տալ թէ ո՛վ էր Եհովան։ Ամուսնոյս հետ կը բնակէի նամիպիական ծովեզերքին վրայ գտնուող Ուալվիս Պէյի մօտ։ Առիթով մը քաղաք գացինք եւ հոն քանի մը Վկաներ տեսայ որոնք փողոցին մէջ Դիտարան պարբերաթերթը կը ցրուէին։ Օրինակ մը առի, եւ քանի որ շատ հարցումներ ունէի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեցի։ Երբ ըսին թէ իրենց ինքնաշարժը աւրուած ըլլալուն պատճառաւ պիտի չկարենային գալ՝ արտասուեցի։ Շատ չանցած ամուսինս մահացաւ եւ ես Գիթմանշոփ փոխադրուեցայ։ Մասնաւոր ռահվիրայ մը (լիաժամ քարոզիչ) նշանակուած էր այդ թաղամասին մէջ քարոզելու համար, եւ ան ինծի տուաւ՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Սկիզբէն իսկ ճշմարտութեան ձայնը ճանչցայ։
«Ի վերջոյ, ինծի հրաւէր տրուեցաւ որ քարոզչութեան մասնակցիմ, բայց մարդու վախը զիս պատեց։ Մինչ մէկ դռնէն միւսը կ’երթայինք, Եհովայի կ’աղօթէի որ ձգէր որ մեռնէի քան թէ՝ քարոզէի։ Երբ առաջին անգամ փողոցի վկայութեան մասնակցեցայ, արահետի մը մէջ պահուըտեցայ, յուսալով որ ոեւէ մէկը զիս չտեսնէ։ Վերջապէս, քաջութիւնս հաւաքելով անցորդի մը պարբերաթերթ մը երկարեցի, եւ միայն այդ ատեն կրցայ բան մը խօսիլ։ Այդ օրը, Եհովայի օգնութեամբ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած յոյսս տասնեակ մը մարդոց հետ բաժնեցի։
«Ներկայիս, 12 տարի ետք, թէեւ չքաւոր եմ, տակաւին ռահվիրայական ծառայութեան առանձնաշնորհումը կ’արժեւորեմ եւ կը շարունակեմ անսահման ուրախութիւն գտնել ուրիշներու հետ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը բաժնելով»։