Աստուածաշունչի բաշխման յատկանշական տարի մը
ՆԵՐԿԱՅԻՍ, որեւէ ժամանակէ աւելի շատ անհատներ Աստուածաշունչ մը ունին։ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութիւններու մէկ տեղեկագրութիւնը այս ենթադրութիւնը կ’ընէ, քանի որ 1998–ին, Աստուածաշունչի բաշխումը անցեալ տարուընէ կէս միլիոն աւելի էր։ Ընդհանուրը, աւելի քան 585,000,000 Աստուածաշունչեր՝ լման կամ մասամբ՝ բաշխուած են երկրագունդի տարածքին։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Ասիկա քաջալերութեան պատճառ մըն է։ Ներկայիս Աստուծոյ Խօսքը աւելի մարդոց կը հասնի»։
Անշուշտ, Աստուածաշունչ մը ունենալուն եւ զայն կարդալուն միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Զոր օրինակ, փորձագիտանք մը յայտնեց թէ Ամերիկացիներու աւելի քան 90 առ հարիւրը, առնուազն Աստուածաշունչ մը ունի, իսկ նոյնքան անհատներ ալ կը հաւատան թէ Աստուածաշունչը բարոյական ուսուցման համար լաւ աղբիւր մըն է։ Սակայն, միայն 59 տոկոսը ըսաւ թէ խրատի համար Աստուածաշունչին կը դիմեն։ Իսկ 29 տոկոսը ընդունեց որ Աստուածաշունչին «քիչ» ծանօթ են, կամ՝ «երբեք» ծանօթ չեն։
Եհովայի Վկաները ոչ միայն Աստուածաշունչեր կը տպեն կամ կը բաշխեն, այլ նաեւ մարդոց հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ կ’օգտուին Աստուածաշունչի այս դաստիարակչական յայտագրէն։ Անոնք իրենց այժմ դիմագրաւած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու համար օգնութիւն կը ստանան, եւ կը սորվին թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ պայծառ ապագային մասին։—Եսայեայ 48։17, 18. Մատթէոս 6։9, 10
[Նկարներ՝ էջ 32]
Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ (սլաքի ուղղութեամբ վերը ձախէն)՝ Անգլիոյ, Կանայի, Պոլիվիոյ եւ Սրի Լանքայի մէջ