Մարդիկ պարզապէս բարձր տեսակի անասուննե՞ր են
«Կեանքի ծագումին մասին մեր ինչ բանի հաւատալը տարբերութիւն կ’ընէ՞»։
Պրազիլիայէն 16 տարեկան պատանուհի մը այս հարցը յարուց իր զեկոյցի նախաբանին մէջ, որու խորագիրն էր՝ «Մարդիկ Պարզապէս Բարձր Տեսակի Անասուննե՞ր Են»։ Զարթի՛ր պարբերաթերթի 22 Յունիս 1998–ի համարէն օրինակ մը ստանալէ ետք, ուսուցչուհին հրաւիրեց զինք որ այս հարցումին շուրջ դասարանին դիմաց խօսի։
Վկայ պատանուհին ընդգծեց թէ յարմարագոյնի վերապրումի տեսութեան վրայ հիմնուած բարեշրջութեան ուսուցումը որքա՜ն աղիտալի եղած է։ Օրինակի համար, շատեր կը խորհին թէ բարեշրջութեան վարկածը ոմանք առաջնորդած է պատերազմը նկատելու որպէս վերապրումի համար մղուած անվերջ պայքարին բնական մէկ երեւոյթը, որ իր կարգին նպաստած է ճամբան հարթելու Ֆաշիստութեան եւ Նացիականութեան։
Աշակերտուհին ցոյց տուաւ թէ մարդոց ու անասուններու միջեւ հսկա՜յ խրամատ մը կայ։ Ան ըսաւ. «Միա՛յն մարդիկ կրնան հոգեւորականութիւն մշակել։ Միա՛յն մարդիկ կը փորձեն կեանքի իմաստը ու նպատակը գտնել։ Միա՛յն մարդիկ են որ մահը անախորժ կը գտնեն, իրենց ծագումով հետաքրքրուած են եւ յաւիտեան ապրելու փափաքը ունին։ Որքա՜ն կարեւոր է որ ժամանակ տրամադրենք մեր ծագումին մասին քիչ մը աւելի գիտնալու համար»։
Ուսուցչուհին այս հոյակապ ներկայացումը գովաբանեց։ Ան այս յաջողութիւնը Վկայ պատանուհիին ընթերցասէր ըլլալուն վերագրեց։ Այս աղջիկը դպրոցին մէջ ճանչցուած է որպէս Զարթի՛ր–ի ու Դիտարան–ի նման Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու անյագ ընթերցող մը։
Եհովայի Վկաները անկեղծօրէն մտահոգ են պատանիներու սրտին ու մտքին վրայ բարեշրջութեան վարկածին ունեցած ազդեցութեամբ։ Այս պատճառաւ, այս պատանուհիին ընկերակցած ժողովքը քաջալերեց պատանի Վկաները որ Զարթի՛ր 22 Յունիս 1998–ի համարէն օրինակ մը իրենց ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն տան։ Քաղաքին զանազան դպրոցներուն մէջ 230 պարբերաթերթ բաշխուեցաւ։ Դպրոցի մը Գիտական Բաժնի տնօրէնը Զարթի՛ր պարբերաթերթին բաժանորդագրուեցաւ։
Այո՛, տարբերութիւն կ’ընէ թէ կեանքի ծագումին մասին ի՛նչի կը հաւատանք։ Այս պատանուհին ու իր ընկերները ցոյց տուին թէ Ստեղծիչին հաւատալը իրենց կեանքին մէջ տարբերութիւն մը ըրած է։