Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 5/1 էջ 32
  • Ան սկզբունքի մը համար մեռաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ան սկզբունքի մը համար մեռաւ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 5/1 էջ 32

Ան սկզբունքի մը համար մեռաւ

«ՄԵՆՔ չենք մոռնար Օկուստ Տիքմանը՝ (ծնեալ 1910–ին) Եհովայի Վկայ մը»։ Այսպէս կը սկսի նշանակի մը վրայ եղած արձանագրութիւնը (հոս ցոյց տրուած), որու պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ վերջերս, Զաքսընհաուզընի նախկին կեդրոնացման ճամբարին մէջ։ Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներէն մէկը այսպիսի նշանագրի մը արժանացած էր։ Արձանագրութեան մնացեալ մասը կը պատմէ եղելութիւնը. «[Ան] հանրապէս գնդակահարուեցաւ ԷսԷս–ի կողմէ, 15 Սեպտեմբեր 1939–ին, խղճմտանքի առարկութեան պատճառաւ»։

Օկուստ Տիքման Զաքսընհաուզընի կեդրոնացման ճամբարին մէջ արգելափակուեցաւ 1937–ին։ 1939–ին, Բ. Աշխարհամարտը բռնկելէն երեք օր ետք, անոր հրամայուեցաւ որ զինուորական ծառայութեան յօժարագիրը ստորագրէ։ Երբ ան մերժեց, ճամբարին հրամանատարը ԷսԷս–ի (Շուցշթաֆըլ՝ Հիթլէրի պահակներուն ընտրանիները) գլխաւոր պատասխանատուին՝ Հէնրիխ Հիմլըրին լուր տուաւ եւ արտօնութիւն խնդրեց որ Տիքմանը մահապատիժի ենթարկէ ճամբարին մէջ գտնուող միւս բոլոր բանտակիցներուն ներկայութեան։ 17 Սեպտեմբեր 1939–ին, Տը Նիու Եորք Թայմզ–ը, Գերմանիայէն հետեւեալը տեղեկագրեց. «Օկուստ Տիքման, 29 տարեկան, . . . հոս սպաննուեցաւ գնդակահարող ջոկատի մը կողմէ»։ Լրագիրը ըսաւ թէ այդ պատերազմին, ան առաջին Գերմանացին էր որ խղճմտանքի հիման վրայ մերժեց զինուորական ծառայութիւնը։

Վաթսուն տարի ետք, 18 Սեպտեմբեր 1999–ին, Տիքմանի մահը յիշատակուեցաւ Պրանտընպուրկի Յիշատակի Հիմնարկին կողմէ, եւ յուշատախտակը այժմ այցելուներուն կը յիշեցնէ իր քաջութիւնը եւ զօրաւոր հաւատքը։ Նախկին ճամբարին արտաքին պատնէշին վրայ գտնուող երկրորդ նշանակ մը, այցելուներուն կը յիշեցնէ թէ Տիքման շուրջ 900 Եհովայի Վկաներէն միայն մէ՛կն էր, որոնք իրենց հաւատալիքներուն համար Զաքսընհաուզընի մէջ տառապեցան։ Բազմաթիւ ուրիշներ այլ ճամբարներու մէջ տառապեցան։ Այո, նոյնիսկ կեդրոնացման ճամբարներուն ահռելի պայմաններուն ներքեւ, շատեր աստուածային սկզբունքներուն հաւատարիմ մնացին։

‘Իրենց վրայ եղող [կառավարական] իշխանութիւններուն հնազանդիլը’, Եհովայի Վկաներուն համար քրիստոնէական պարտականութիւն մըն է։ (Հռովմայեցիս 13։1) Սակայն, երբ կառավարութիւններ փորձեն ստիպել որ անոնք Աստուծոյ օրէնքները բեկանեն, անոնք Քրիստոսի առաքեալներուն օրինակին կը հետեւին, որոնք ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Այս պատճառաւ, աշխարհի մը մէջ՝ ուր ցեղային թշնամութիւններն ու ազգատոհմային ատելութիւնները գազանային ցնցիչ արարքներու առաջնորդած են, Եհովայի Վկաները ամէնուրեք, Օկուստ Տիքմանի նման խաղաղութեան ետեւէ են։ Անոնք Աստուածաշունչի յորդորին կը հետեւին. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։—Հռովմայեցիս 12։21

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել