Աստուածային իմաստութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի
«ԱՂՔԱՏԻՆ իմաստութիւնը կ’անարգեն ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ»։ Այս խօսքերով իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր եզրափակեց աղքատ՝ բայց իմաստուն մարդու մը պատմութիւնը, որ ամբողջ քաղաք մը կործանումէ ազատեց։ Սակայն դժբախտաբար, «այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ»։—Ժողովողի 9։14-16
Մարդիկ հակումը ունին աղքատները ցած աչքով դիտելու, նոյնիսկ եթէ անոնք վեհ արարքներ գործած են։ Յիսուսի պարագային ալ նոյնն էր։ Եսայի իր մասին մարգարէացաւ. «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ»։ (Եսայեայ 53։3) Յիսուս ոմանց կողմէ անարգուեցաւ, պարզապէս անոր համար որ ան իր օրուան առաջնորդներուն կարկառուն դիրքը չունէր։ Բայց եւ այնպէս, ան ոեւէ մեղաւոր մարդէ աւելի բարձր իմաստութիւն ունէր։ Յիսուսի մեծցած քաղաքին բնակիչները, չընդունեցին որ այս «հիւսնին որդին» այսպիսի իմաստութիւն ունէր եւ այսպիսի զօրաւոր արարքներ կը կատարէր։ Սակայն, ասիկա լուրջ սխալ մըն էր, քանի որ պատմութիւնը կը շարունակէ եւ կ’ըսէ թէ Յիսուս «հոն շատ հրաշքներ չըրաւ անոնց անհաւատութեանը համար»։ Ասիկա այդ մարդոց համար ի՜նչ կորուստ մըն էր։—Մատթէոս 13։54-58
Մենք ալ նոյն սխալը չգործենք։ Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր գործերով»։ Աստուծոյ գործը կատարողները եւ երկնային իմաստութիւն մատակարարողները կը զանազանուին, ո՛չ թէ իրենց ընկերային դիրքով, այլ՝ իրենց ցուցաբերած «բարի պտուղ»ով՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց հաւատքով ու արարքներով։—Մատթէոս 7։18-20. 11։19, Երուսաղէմ, ստորանիշ