Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 9/1 էջ 32
  • Երբ լռութիւնը՝ համաձայնութիւն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ լռութիւնը՝ համաձայնութիւն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 9/1 էջ 32

Երբ լռութիւնը՝ համաձայնութիւն է

ԳԻՐՔ մը՝ Դաւաճանութիւն—Գերման Եկեղեցիները եւ Ողջակիզութիւնը խորագրով (Անգլերէն)՝ անկեղծօրէն կը խօսի Նացիականութեան ընթացքին կրօնքին ունեցած դերին մասին։ «Քրիստոնեաներու համար վարչաձեւին թիկունք կանգնիլը սովորական բան մըն էր, եւ հսկայ մեծամասնութիւնը որեւէ առարկութիւն չըրաւ հրէական հալածանքին համար։ Այս պարագային, լռութիւնը՝ բարձրաձայն կը խօսի», կը հաստատէ գիրքը։

Անուանական Քրիստոնեաները Նացիականութեան ի՞նչը սիրեցին։ Գիրքը կը բացատրէ որ Հիթլէրի՝ «Գերման ընկերութեան կարգ–կանոնի մերձեցում»ը խաբեց շատերը։ Անիկա կ’ըսէ. «Ան հակառակ էր պոռնկագրութեան, պոռնկութեան, վիժումի, միասեռականութեան եւ արդի արուեստին ‘լկտիութեան’, եւ ան անագապղինձէ, արծաթէ եւ ոսկիէ շքանշաններ կը նուիրէր այն կիներուն, որոնք չորս, վեց կամ ութ զաւակներ կը բերէին, այսպիսով քաջալերելով որ անոնք տան մէջ իրենց աւանդական դերին մէջ մնան։ Աւանդական արժէքներու այս գրաւչութիւնը եւ Վերսայի Դաշնագրի ազգային նուաստացումին փոխարէն, Հիթլէրի մատուցած ռազմամոլական ազգայնապաշտութիւնը՝ Գերմանիոյ մէջ բազմաթիւ Քրիստոնեաներու, նոյնիսկ անոնց մեծամասնութեան համար, Ազգային Ընկերվարութիւնը գրաւիչ ընտրութիւն մը դարձուցին»։

Միայն մէկ խումբ ամբողջովին հակառակ կեցուածք մը ունեցաւ։ Դաւաճանութիւն գիրքը կը նշէ. «Եհովայի Վկաները մերժեցին վայրագութեան մասնակցիլ, կամ ռազմական ոյժ գործածել»։ Ասիկա անխուսափելիօրէն վայրագ յարձակումներ բերաւ այս պզտիկ խումբին վրայ, եւ անոր անդամներէն շատերը կեդրոնացման ճամբարներու մէջ նետուեցան։ Սակայն ուրիշներ, որոնք կը դաւանէին Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալ, անտարբեր մնացին։ Գիրքը կը շարունակէ նշել. «Կաթողիկէները եւ Բողոքականները ընդհանուր առմամբ աւելի հակառակութիւն՝ քան թէ կարեկցութիւն ցոյց տուին Եհովայի Վկաներուն հանդէպ, եւ անոնք մասնակից եղան Հիթլէրի բիրտ արժէքներուն, քան Վկաներուն խաղաղասէր արժէքներուն»։ Անոնց լռութիւնը անկասկած նպաստեց Նացի վարչաձեւին ներքեւ գտնուող Վկաներուն հանդէպ եղած գէշ վերաբերմունքին։

Մինչ Նացի քաղաքականութեան մէջ եկեղեցիին ունեցած մասնակցութիւնը տակաւին հրատապ հակաճառութիւն մըն է, Դաւաճանութիւն–ը Եհովայի Վկաները կը կոչէ՝ «կրօնական խումբ մը, որ մերժեց թիկունք կանգնիլ կամ համագործակցիլ այդ վարչաձեւին հետ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել