Կրօնական միութիւնը հորիզոնին վրա՞յ է
«Մեր Եկեղեցիներու պատմութեան մէջ, յատկանշական օրուան մը ականատեսներն ենք», ըսաւ Քրիսթիան Քրաուս՝ Լուտերական Համաշխարհային Համադաշնակցութեան տնօրէնը։ Նմանապէս, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը խօսեցաւ՝ «Քրիստոնեաներու միջեւ ամբողջական միութիւն վերակերտելու դժուար ուղիին վրայ յատկանշելի դէպքի մը մասին»։
Այս խանդավառ ծանուցումներու դրդապատճառն էր 31 Հոկտեմբեր 1999–ին, Օկսպուրկի մէջ, Գերմանիա, ստորագրուած Պաշտօնական Հասարակաց Յայտարարութիւն մը, հաստատելով Արդարացումի Վարդապետութեան մասին Միացեալ Ծանուցումը։ Դէպքին ժամանակն ու վայրը լաւ ընտրուած էին։ Կ’ըսուի թէ 31 Հոկտեմբեր 1517–ին, Մարթին Լուտեր իր 95 առարկութիւնները գամեց Ուիթենպերկի բերդի եկեղեցիին դրան վրայ, այսպիսով Բողոքական Բարեկարգութեան հիմը դնելով։ Անշուշտ, Օկսպուրկի մէջ էր որ 1530–ին Լուտերականները իրենց հիմնական հաւատամքը՝ Օկսպուրկի Դաւանանքը ներկայացուցին, զոր Կաթողիկէ Եկեղեցին մերժեց, Բողոքականութեան եւ Կաթողիկէութեան միջեւ անվերականգնելի խրամատ մը հաստատելով։
Արդեօք Միացեալ Ծանուցումը եկեղեցիին բաժանումին վերջ դնելու վճռական քայլ մը պիտի ըլլա՞յ, ինչպէս կը դաւանի։ Բոլոր կողմերը լաւատես չէին։ Աւելի քան 250 Բողոքական աստուածաբաններ, հակառակ խնդրագիր մը ստորագրեցին, Կաթողիկէ Եկեղեցիին կողմէ տիրապետուելու դէմ զգուշացնելով։ Բողոքականները նաեւ զայրացան երբ Կաթողիկէ Եկեղեցին 2000 տարին մասնայատուկ թողութեան տարի յայտարարեց, սովորութիւն մը՝ որ շուրջ 500 տարի առաջ այս խրամատը յառաջացուցած էր։ Իսկ քանի որ Օկսպուրկի Դաւանանքը եւ Թրէնթի Խորհրդաժողովով Կաթողիկէներու կողմէ անոր հերքումը տակաւին ի զօրու կը մնան, ուրեմն միութիւնը երաշխաւորուած ըլլալէն շատ հեռու է։
Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ եղած բաժանումը եւ տարակարծութիւնը ա՛յնքան մեծ են, որ միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրելը զայն չի կրնար շտկել։ Ասկէ զատ, հաւատքի մէջ միութիւնը, Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հաստատօրէն հիմնուած հաւատալիքներէն կախեալ է։ (Եփեսացիս 4։3-6) Իսկական միութիւնը ո՛չ թէ համակերպելով, այլ՝ Աստուծոյ մեզմէ խնդրած բաները սորվելով եւ զանոնք կատարելով կ’իրագործուի։ Հաւատարիմ Միքիա մարգարէն յայտարարեց. «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր [«Եհովա», ՆԱ] Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։—Միքիայ 4։5
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]
© Ralph Orlowski/REUTERS/Archive Photos