Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ01 2/1 էջ 8
  • Լաթվիա կ’ընդառաջէ բարի լուրին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լաթվիա կ’ընդառաջէ բարի լուրին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարգարէներուն ոգին ընդօրինակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուածպետական Լուրեր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Առանց ուշացումի մկրտուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
դ01 2/1 էջ 8

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Լաթվիա կ’ընդառաջէ բարի լուրին

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ կամքն է՝ որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Երկար տարիներ բարի լուրը լսելու պատեհութենէն զրկուած անհատներ, ներկայիս կը լսե՛ն զայն։ Լաթվիայի՝ ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ մասերուն մէջ, ամէն տարիքի եւ տարբեր ենթահողերէ մարդիկ պատգամին կ’ընդառաջեն, ինչպէս հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան։

• Լաթվիայի արեւելքը գտնուող Ռեզեքնէ գիւղաքաղաքին մէջ, մայր մը եւ իր դեռատի աղջիկը, փողոցը գտնուող կնոջմէ մը ցուցմունքներ խնդրեցին։ Պատահեցաւ որ կինը Եհովայի Վկայ մըն էր, եւ տեղեկութիւններ տալէ ետք, Վկաներու ժողովի հրաւիրագիր մը տուաւ անոնց։

Քանի որ մայր ու աղջիկ կրօնասէր էին, որոշեցին ժողովին երթալ։ Ճամբու ընթացքին, անոնք համաձայնեցան որ եթէ հոն անպատշաճ բան մը գտնեն, անմիջապէս դուրս պիտի ելլեն։ Սակայն, ժողովը այնքան հետաքրքրական էր որ զայն թողելու գաղափարն անգամ իրենց մտքէն չանցաւ։ Անոնք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու առաջարկ մը ընդունեցին, եւ սկսան կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Միայն երեք ամիս ետք, քարոզչութեան մասնակցելու փափաք յայտնեցին եւ մկրտուելու մասին կը մտածէին։

• Արեւմտեան Լաթվիայի քաղաքներէն մէկուն մէջ, Վկայ մը 85 տարեկան Աննային հանդիպեցաւ, որ իսկական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Անոր դուստրը եւ ընտանիքի միւս անդամները բուռն կերպով հակառակեցան իրեն։ Սակայն Աննա թոյլ չտուաւ որ անոնք, կամ իր յառաջացած տարիքն ու վատ առողջութիւնը, արգելք հանդիսանան իր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակելու։

Օր մը Աննա իր աղջկան ըսաւ թէ պիտի մկրտուէր։ «Եթէ մկրտուիս քեզ ծերանո՛ց պիտի դնեմ», պատասխանեց աղջիկը։ Սակայն այս սպառնալիքը իր մտադրութենէն ետ չպահեց Աննան։ Իր ֆիզիքական վիճակին պատճառաւ, ան իր տան մէջ մկրտուեցաւ։

Աննային աղջկան հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Ան իր կեցուածքը փոխեց, եւ մօր մկրտութենէն ետք իրեն համար յատուկ ճաշ մը պատրաստեց։ Ետքը իր մօրը հարցուց. «Հիմա որ մկրտուեցար, ի՞նչ կը զգաս»։ Աննան պատասխանեց. «Նոր ծնածի պէս»։

• 1998–ի Դեկտեմբերին, երկու Վկաներ նախկին Սովետական Միութեան բանակի սպայի մը հանդիպեցան, որ այժմ հանգստեան կոչուած էր։ Որովհետեւ ան կը հաւատար Ստեղծիչի մը գոյութեան, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, իսկ հետագային կինն ալ իրեն միացաւ։ Անոնք արագօրէն յառաջդիմեցին եւ շուտով չմկրտուած հրատարակիչներ եղան։ Յաջորդ ամառ, նախկին սպան մկրտուեցաւ։ Հոգեւոր բաներու հանդէպ այս զոյգին խոր սէրը, բոլոր ժողովքին համար քաջալերութիւն մը եղած է։ Ասկէ զատ, անոնք իրենց շրջանին մէջ գտնուող բնակարան մը գեղեցիկ Թագաւորութեան Սրահի մը վերածելու գործին մէջ բաժին բերին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել