Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ02 11/1 էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բախտախաղ
    Զարթի՛ր 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
դ02 11/1 էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Սխա՞լ է գրաւի գալ կամ բախտախաղ խաղալ, նոյնիսկ երբ փոքր գումարներ պարփակուած են։

Աստուծոյ Խօսքը բախտախաղի մասին մանրամասնութեամբ չի խօսիր, սակայն բաւարար տեղեկութիւն կը հայթայթէ, ցոյց տալու համար թէ բախտախաղի բոլոր տեսակները Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ են։a Օրինակ, ընդհանրապէս ընդունուած է թէ բախտախաղը ագահութիւն կը քաջալերէ։ Այս իրողութիւնը ինքնին Քրիստոնեաներուն համար կարեւոր է, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «ագահները» Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն, եւ ագահութիւնը կռապաշտութեան կարգին կը դասէ։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Կողոսացիս 3։5

Բախտախաղը նաեւ կը գրգռէ անձնագովութիւնը եւ մրցակցութեան վատառողջ հոգի մը՝ շահելու բուռն փափաք մը։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի բաներու դէմ ազդարարեց, երբ գրեց. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ [«մրցակցութեան», ՆԱ] գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։ (Գաղատացիս 5։26) Ասկէ զատ, բախտախաղը ոմանց մէջ յառաջ կը մղէ աւելորդապաշտ ապաւինութիւն մը լաւ բախտին վրայ։ Բախտախաղ խաղցողները ամէն տեսակ նախապաշարումներ կը զարգացնեն, յուսալով որ բախտը իրենց ժպտի։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն անհաւատարիմ Իսրայելացիները, որոնք ‘Բաղդին սեղան կը պատրաստէին ու Ճակատագրին թափելու նուէր կը լեցնէին’։—Եսայեայ 65։11, ստորանիշ

Ոմանք կրնան պատճառաբանել թէ ազգականներու կամ սերտ բարեկամներու հետ բարեկամական թղթախաղ մը կամ այլ խաղեր խաղալու ընթացքին, փոքր գումարներով գրաւի գալը անմեղ ժամանց մըն է։ Ճիշդ է որ փոքր գումարով գրաւի եկողը ինքզինք ագահ, անձնագով, մրցակցական կամ աւելորդապաշտ չի նկատեր։ Սակայն, իր բախտախաղ խաղալը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իր խաղակիցներուն վրայ։ Շատ մը բախտախաղի մոլիներ նախ սկսած են չնչին գումարներով գրաւի գալ, ‘ժամանակ անցընելու’ միտումով։ (Ղուկաս 16։10) Երեւութապէս անմեղ ժամանց մը, իրենց պարագային շատ գէշ հետեւանքներ ունեցած է։

Այս է պարագան, մանաւանդ երբ երախաներ պարփակուած են։ Բազմաթիւ դեռատիներ փոքր գրաւ մը շահելով ոգեւորուած ըլլալով, աւելի մեծ գումարներով գրաւի գալու մղուած են։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Միացեալ Նահանգներու մէջ, Բախտախաղի Մոլութեան Արիզոնայի Խորհուրդին կողմէ հրատարակուած երկարատեւ ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ բազմաթիւ բախտախաղի մոլիներ շատ վաղ հասակին սկսած են՝ «մարզական խաղերու վրայ գրաւի գալով կամ բարեկամներու եւ ազգականներու հետ թղթախաղ խաղալով»։ Ուրիշ տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ թէ «երախաներ տան մէջ բախտախաղ խաղալու կը սկսին, սովորաբար ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ թղթախաղ խաղալով»։ Տեղեկագրութիւնը նաեւ կ’ըսէ թէ «այս երախաներուն երեսուն տոկոսը, տասնըմէկ տարեկան չեղած բախտախաղ խաղալու սկսած են»։ Ըստ Why Do People Gamble Too Much—Pathological and Problem Gambling ուսումնասիրութեան, բազմաթիւ բախտախաղ խաղցող պատանիներ իրենց մոլութիւնը կը ֆինանսաւորեն ոճիրի կամ անբարոյութեան դիմելով։ Սկիզբը անմեղ թուող բանի մը ի՜նչ ողբերգական հետեւանք։

Քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ արդէն իսկ լեցուն է բազմաթիւ որոգայթներով ու փորձութիւններով, ինչո՞ւ մենք մեզ անհարկիօրէն ենթարկենք յաւելեալ որոգայթի մը։ (Առակաց 27։12) Բախտախաղ խաղալը՝ երախաներու ներկայութեան թէ ոչ, փոքր թէ մեծ գումարներով, հոգեւորականութիւնը կը վտանգէ եւ անկէ պէտք է խուսափիլ։ Ժամանցի համար թղթախաղ կամ այլ խաղեր խաղցող Քրիստոնեաները լաւ կ’ընեն եթէ մատիտով հաշիւ բռնեն, կամ՝ առանց հաշիւ բռնելու խաղան։ Իրենց անձին, բարեկամներուն եւ ընտանիքին հոգեւորականութեամբ հետաքրքրուած իմաստուն Քրիստոնեաները կը խուսափին բախտախաղ խաղալէ, նոյնիսկ՝ փոքր գումարներով։

[Ստորանիշ]

a World Book Encyclopedia բախտախաղը կը սահմանէ որպէս՝ «խաղի, դէպքի կամ դիպուածի մը արդիւնքին վրայ գրաւի գալ»։ Անիկա նաեւ կը նշէ թէ «բախտախաղ խաղցողները սովորաբար դրամով գրաւի կու գան . . . բախտի հետ առնչուած խաղերու մէջ, ինչպէս՝ վիճակահանութիւն, թղթախաղ եւ նարտ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել