Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ04 1/1 էջ 32
  • Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
դ04 1/1 էջ 32

Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ, առողջապահական, գործի կամ այլ ծանր պատասխանատուութիւններու վերաբերեալ խնդիրներու պատճառով, զգացական բեռի մը ներքեւ կքա՞ծ էք։ Շատերու պարագան այս է։ Իսկ ներկայիս անիրաւութիւնը, ոճիրն ու բռնութիւնը որո՞ւ չեն ազդած։ Արդարեւ, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ (Հռովմայեցիս 8։22) Զարմանալի չէ որ շատեր հարց կու տան. ‘Աստուած հետաքրքրուա՞ծ է։ Ան մեր օգնութեան պիտի փութա՞յ’։

Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր Աստուծոյ մատուցած իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս»։ Սողոմոն վստահ էր թէ Աստուած ո՛չ միայն կը ճանչնայ մեզ, այլ նաեւ՝ իւրաքանչիւրով հետաքրքրուած է։ Ան կրցաւ Աստուծմէ խնդրել որ ‘երկնքէն լսէ’ իւրաքանչիւր աստուածավախ անհատի աղօթքները, որ «իր ախտն ու ցաւը» Աստուծոյ կը յայտնէ։—Բ. Մնացորդաց 6։29, 30

Ներկայիս, Եհովա Աստուած տակաւին մեզմով հետաքրքրուած է եւ մեզ կը հրաւիրէ որ աղօթքով իրեն դիմենք։ (Սաղմոս 50։15) Ան կը խոստանայ պատասխանել սրտագին աղօթքներուն, որոնք իր կամքին համաձայն են։ (Սաղմոս 55։16, 22. Ղուկաս 11։5-13. Բ. Կորնթացիս 4։7) Այո, Եհովա մտիկ կ’ընէ երբ ‘իր ժողովուրդը կամ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ’։ Արդ, եթէ Աստուծոյ վստահինք, իր օգնութիւնը աղօթքով խնդրենք եւ իրեն մօտենանք, իր սիրազեղ հոգատարութիւնը եւ առաջնորդութիւնը պիտի վայելենք։ (Առակաց 3։5, 6) Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Յակոբոս, մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։—Յակոբու 4։8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել