Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ06 6/1 էջ 32
  • «Ամբողջ Գալիլիոյ զարդը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ամբողջ Գալիլիոյ զարդը»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
դ06 6/1 էջ 32

«Ամբողջ Գալիլիոյ զարդը»

ՅԻՍՈՒՍԻ մեծցած քաղաքին՝ Նազարէթի հիւսիս–արեւմուտքը, վեցուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր քաղաք մը, որ Աւետարաններուն մէջ բնաւ չէ յիշուած։ Բայց եւ այնպէս, առաջին դարու հռչակաւոր Հրեայ պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս զայն կոչեց «ամբողջ Գալիլիոյ զարդը»։ Անիկա Սեփորիս քաղաքն էր։ Անոր մասին ի՞նչ գիտենք։

Մեծն Հերովդէսի մահէն ետք, հաւանաբար Հ.Դ.Ա. 1–ին, Սեփորիսի բնակիչները Հռովմի դէմ ապստամբեցան, ինչ որ իրենց քաղաքին կործանման առաջնորդեց։ Հերովդէսի որդին՝ Անթիպաս ժառանգեց Գալիլիան ու Պերեան, եւ ընտրեց Սեփորիսի աւերակները, որպէսզի հոն կառուցանէ իր նոր մայրաքաղաքը։ Քաղաքը վերաշինուեցաւ յունա–հռովմէական ճարտարապետութեամբ, բայց բնակչութեան մեծամասնութիւնը Հրեայ էր։ Ուսուցչապետ Ռիչըրտ Ա. Պէթիի համաձայն, անիկա «կառավարութեան գլխաւոր կեդրոնը եղաւ՝ Գալիլիայի ու Պերեայի վրայ իշխելու», մինչեւ որ Անթիպաս Տիբերիան շինեց Հ.Դ. 21–ին, Սեփորիսը փոխարինելով իբրեւ մայրաքաղաք։ Այդ օրերուն Յիսուս Սեփորիսի մօտակայքը կ’ապրէր։

Ուսուցչապետ Ճէյմս Սթրէյնճ, որ Սեփորիսը պեղած է, կը նշէ թէ քաղաքը ունէր արխիւներ, գանձատուն, զինարան, դրամատուներ, պետական շէնքեր եւ շուկաներ, ուր կը ծախուէին խեցեղէն, ապակեղէն, գոհարեղէն, մետաղեայ իրեր եւ այլազան ուտելիքներ։ Կային նաեւ ջուլհակներ, կերպասավաճառներ եւ խանութներ, ուր կարելի էր գնել կողովներ, կահկարասի, անուշահոտ իւղեր, եւայլն։ Կ’ենթադրուի թէ այդ ատեն քաղաքին բնակչութիւնը 8-12 հազար էր։

Յիսուս այս բազմազբաղ ոստանը բնաւ այցելե՞ց, որ Նազարէթէն միայն մէկ ժամ քալել կը պահանջէր։ Աւետարաններուն մէջ պատասխանը չենք գտներ։ Սակայն բառարան մը (The Anchor Bible Dictionary) կը նշէ թէ «Նազարէթէն Գալիլիայի Կանա քաղաքը երթալու համար, ճամբաներէն մէկը Սեփորիսէն կ’անցնէր»։ (Յովհաննու 2։1. 4։46) Նազարէթէն կարելի է տեսնել Սեփորիսի բլուրը, որ շուրջ 120 մեթր բարձրութիւն ունի։ Ոմանք կը խորհին որ Յիսուս Սեփորիսը ի մտի ունէր, երբ ըսաւ թէ «քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ»։—Մատթէոս 5։14

Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանումէն ետք, Սեփորիս Գալիլիոյ մէջ հրէական գլխաւոր քաղաքը դարձաւ, իսկ հետագային՝ հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին կեդրոնը։ Որոշ ժամանակ մը անիկա ուռճացաւ որպէս հրէական մշակոյթի օճախ։

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 32]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Գալիլիայի ծովը

ԳԱԼԻԼԻԱ

Կանա

Տիբերիա

ՍԵՓՈՐԻՍ

Նազարէթ

ՊԵՐԵԱ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

Pottery: Excavated by Wohl Archaeological Museum, Herodian Quarter, Jewish Quarter. Owned by Company for the Reconstruction of the Jewish Quarter in the Old City of Jerusalem, Ltd

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել