Ծերացած բայց ո՛չ արգելափակուած
ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ պատճառաւ շատեր անկարող կը դառնան եւ ընկերութեան միւս անդամներէն կը մեկուսանան։ Այսպէս չէր Ֆերնան Ռիվարոլի պարագան, որուն կեանքին թելը կտրուեցաւ 95 տարեկանին Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա։ Ան մենաբնակ էր, քանի որ իր կինը մահացած էր եւ իր ամուսնացած դուստրը իր անձնական տան մէջ կ’ապրէր։ Թէեւ Ֆերնան սովորաբար տունէն դուրս չէր ելլեր, սակայն մենակեաց եւ տխուր չէր։ Ան յաճախ նստասենեակը սեղանի մը շուրջ կը նստէր եւ մարդոց կը հեռաձայնէր, որպէսզի հոգեւոր նիւթերու շուրջ զրուցէր։
Իրադարձութիւններով հարուստ կեանքին ընթացքին, կար ժամանակ մը երբ Ֆերնան բառացիօրէն արգելափակուած էր։ Ինչո՞ւ։ 1939–ին, ան ու իր կինը Եհովայի Վկաներ ըլլալէ ետք, Եւրոպայի մէջ Բ. Համաշխարհային Պատերազմը պայթեցաւ։ Ան մէկու մը չվնասելու իր աստուածաշնչական որոշումին կառչած մնաց։ Ասոր պատճառաւ, ան իր գործը կորսնցուց եւ քանի մը անգամ բանտարկուեցաւ,– ընդամէնը՝ հինգ ու կէս տարի,– որուն ընթացքին իր կնոջմէն ու աղջնակէն հեռու էր։
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, Ֆերնան ըսաւ. «Շատերու այնպէս կը թուէր թէ կայուն գործէ մը հրաժարած էի եւ ընտանիքս նեղ կացութեան մատնած էի։ Մարդիկ զիս անարգեցին եւ հետս վարուեցան իբրեւ ոճրագործ։ Այսուհանդերձ, երբ այդ դժուար տարիներուն մասին կը մտածեմ, ամէն բանէ աւելի միտքս կու գայ թէ Եհովա ի՛նչպէս մեզի թիկունք կանգնեցաւ եւ օգնեց։ Այդ օրէն ի վեր երկար տարիներ անցած են, բայց Եհովայի հանդէպ վստահութիւնս տակաւին նո՛յնքան հաստատ է, որքան այդ ատեն»։
Այս հաւատքը Ֆերնանը մղեց որ հեռախօսազրոյցով իր աստուածաշնչական յոյսը ուրիշներու ներկայացնէ։ Եթէ մէկու մը հետ լաւ զրոյց ունենար, ան թղթատարութեան միջոցաւ այդ անձին կ’ուղարկէր աստուածաշնչական հրատարակութիւններ։ Հետագային, ան դարձեալ անհատին կը հեռաձայնէր, տեսնելու համար հրատարակութեան ձգած տպաւորութիւնը։ Երբեմն ոմանք գնահատական երկտող մը կ’ուղարկէին, որ զինք շատ կ’ուրախացնէր։
Թերեւս Ֆերնանի նման անհատ մը քեզի հետ շփման մէջ գայ։ Ինչո՞ւ անոր ըսածները մտիկ չընես, գիտնալու համար թէ ի՛նչ բանի կը հաւատայ։ Եհովայի Վկաները սիրով կը փափաքին իրենց հաւատալիքներուն մասին քեզի խօսիլ։