Դատաւոր մը կրնա՞յ խրատուիլ
ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ մէջ, Սլատիանա անունով Եհովայի Վկայ մը, դրամական հարցի մը համար դատարան ներկայացաւ՝ որոշուած ժամանակին։ Դատաւորը ներկայ էր, բայց դատակից մը տակաւին չէր եկած։ Մինչ ամէն ոք կը սպասէր, Սլատիանա մեծապէս փափաքելով վկայել՝ քաջութիւն հաւաքեց որ դատաւորին խօսի։
«Գիտէի՞ք որ մօտ ատենէն ո՛չ դատաւորներ, ո՛չ ալ դատարաններ պիտի ըլլան երկրագունդին վրայ», հարցուց ան։ Անշուշտ ան կ’ակնարկէր դատաւորներուն՝ ինչպէս որ կը ճանչնանք զանոնք ներկայիս։
Անակնկալի գալով, դատաւորը պարզապէս անոր նայեցաւ, առանց բառ մը ըսելու։ Ճիշդ այդ ատեն դատավարութիւնը սկսաւ։ Անոր աւարտին, երբ Սլատիանա փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրէր, դատաւորը փսփսալով հարցուց անոր. «Վստա՞հ ես թէ շուտով երկրագունդին վրայ դատաւորներ ու դատարաններ պիտի չըլլան»։
«Այո՛։ Բացարձակապէս վստահ եմ», պատասխանեց Սլատիանա։
«Ի՞նչ ապացոյցներ ունիս», հարցուց դատաւորը։
«Աստուածաշունչը զանոնք կը ներկայացնէ», պատասխանեց Սլատիանա։
Դատաւորը ըսաւ որ կը փափաքի կարդալ այդ ապացոյցներուն մասին, բայց Աստուածաշունչ չունի։ Ուստի Սլատիանա առաջարկեց օրինակ մը բերել իրեն։ Վկաները դատաւորին այցելեցին, Աստուածաշունչ մը տուին եւ զինք քաջալերեցին որ Աստուածաշունչի շաբաթական ուսումնասիրութիւն մը ունենայ։ Դատաւորը առաջարկը ընդունեց եւ շատ չանցած՝ Եհովայի Վկայ մը եղաւ։
Սաղմոս 2։10–ն մարգարէաբար կ’ըսէ. «Հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք»։ Ո՜րքան սրտաշէն է երբ այսպիսիներ խոնարհաբար կ’ընդունին Եհովայի սիրալիր ուղղութիւնը։
[Նկար՝ էջ 32]
Սլատիանա՝ դատաւորին հետ