Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 9/1 էջ 5-6
  • Ահաւասիկ դաժան ժամանակներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ահաւասիկ դաժան ժամանակներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Վերջին օրեր»ուն կամ «վերջի ժամանակին» նշանը ի՞նչ է»
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աշխարհին վերջը մօ՞տ է
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աստուծոյ ազդարարութեան ուշադրութիւն պիտի ընծայէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 9/1 էջ 5-6

Ահաւասիկ դաժան ժամանակներ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ նախագուշակեց թէ մարդկութիւնը «դաժան ժամանակներ» պիտի ունենար։ Անիկա այս ժամանակաշրջանը կը նկարագրէ որպէս «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, ԱՎ. Բ. Պետրոս 3։3-7)։ Յիսուս Քրիստոս նոյն ժամանակաշրջանին մասին խօսեցաւ, երբ «աշխարհի վերջ»ին նկատմամբ իր աշակերտներուն կողմէ ուղղուած հարցումին կը պատասխանէր (Մատթէոս 24։3)։ Այժմ վերջին օրերո՞ւն մէջ կ’ապրինք։ Աստուածաշունչին նախագուշակած բաները համեմատէ ներքոյիշեալ վերջին տեղեկագրութեանց հետ, ապա դատէ։

Աստուածաշունչը նախագուշակեց՝ աշխարհածաւալ պատերազմ (Ղուկաս 21։10. Յայտնութիւն 6։4)։

Վերջին տեղեկագրութիւնները կ’ըսեն. «20–րդ դարուն պատերազմի պատճառով մահացած մարդոց թիւը, Քրիստոսի ծնունդէն ի վեր հաշուըւած ընդհանուր թիւէն երեք անգամ աւելի էր» (Worldwatch Institute)։

Աստուածաշունչը նախագուշակեց՝ սովեր ու հիւանդութիւններ (Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։5-8)։

Վերջին տեղեկագրութիւնները կ’ըսեն՝ 2004–ին, երկրի վրայ շուրջ 863 միլիոն հոգի թերի սննդառութենէ կը տառապէին, նախորդ տարուան թիւէն 7 միլիոն աւելի (ՄԱԿ–ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւն)։

Շուրջ մէկ միլիառ հոգի աղտոտ թաղամասերու մէջ կ’ապրին. 2,6 միլիառ հոգի հիւանդութիւնները արգիլելու առողջապահական միջոցներ չունին. 1,1 միլիառ հոգի խմելիք մաքուր ջուր չունին (Worldwatch Institute)։

500 միլիոն հոգի ջերմախտէ կը տառապին. 40 միլիոն հոգի դիմադրողականութեան անկման վարակի ժահրը կը կրեն. 2005–ին՝ թոքախտը 1,6 միլիոն մարդ սպաննեց (Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն)։

Աստուածաշունչը նախագուշակեց՝ երկրին ապականութիւնը (Յայտնութիւն 11։18)։

Վերջին տեղեկագրութիւնները կ’ըսեն. «Մարդկային գործունէութիւնները մեր մոլորակը հասցուցած են այն հանգրուանին, երբ կեանքի բազմաթիւ տեսակներ իրարայաջորդ կ’ոչնչանան»։ «Մարդուն ի նպաստ բնութեան հայթայթած ծառայութիւններուն գրեթէ երկու երրորդը անկում կը կրէ համայն աշխարհի մէջ» (Millennium Ecosystem Assessment)։

«Մարդակերտ ջերմանոցի կազերը երկրին կլիման շատ վտանգաւոր կացութեան մատնած են, մոլորակը տուժելով» (NASA, Goddard Institute for Space Studies)։

Աստուածաշունչը նախագուշակեց՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը (Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 14։6, 7)։

Վերջին տեղեկագրութիւնները կ’ըսեն՝ 2007–ին, 6,957,854 Եհովայի վկաներ աւելի քան 1,4 միլիառ ժամ յատկացուցին, 236 երկրի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար (2008–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք)։

Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ հակառակ այս գէշ լուրերուն, լաւատես ըլլալու պատճառ պիտի ըլլար։ Յիսուս խօսեցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան «աւետարան»ին կամ բարի լուրին մասին։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա ի՞նչպէս աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ մարդկութեան յոյսին հետ առնչուած է։ Եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչպէս քեզի պիտի ազդէ։

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Աստուածաշունչը նախագուշակեց աշխարհի ներկայ վիճակները

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել